Կարօ Արմենեան; ԻՆՉՊԷ՞Ս ԾՆԱՆ
Ինչպէ՞ս ծնան խոհերն այս ջինջ
երբ տխրամած
այս առօրեան
կը կարկամի
արեւն ինչպէ՞ս թափանցեց ներս
որովայնէն
Մայր Աստուծոյ
ինչպէ՞ս կրցար փշուրներդ ի մի բերել
կանգնիլ ոտքի
շանթահարել
բնակչութիւնն այս դժպհի
եւ դուրս քշել
ուղեղիդ մութ
անկիւններէն
ինչպէ՞ս կրցար խօսիլ նորէն
եւ հաւատալ
դուն քու
վէպիդ
սիրել իմաստ
ու մերկութիւն
կապարն այս բութ ու անհոգի
փոխակերպել
ոսկեձոյլի
Ո՞ր արգանդին ծնունդն ես դուն
ինչպէ՞ս մտար եդեմն այս սին
աչքով յոնքով թուշով լեցուն
կը նմանիս
ո՞ր նախորդին
որու՞ն քիթն է որ կը կրես
անգիտութեամբ
այսքան հեռուէն
կ՛անսաս որու՞ն
եւ պատուէրն այս գրած ափիդ
վախվխելով
մայթ փոխելով
կ՛անցնիս անթիւ փողոցներէ
տատամսելով
ընկրկելով
կասկածելով
չգիտնալով երբեւիցէ
թէ ու՞ր կ՛ապրիս
Ո՞ր այգիին պտուղն ես դուն
ուրկէ՞ կ՛անցնի գիւղիդ ճամբան
ուրկէ՞ ծնաւ խոհն այս ներզօր
արեւն ինչպէ՞ս
մտաւ կարծր պատեանէդ ներս
բջիջներդ ինչպէ՞ս կրցան
աճիլ նորէն
ինչպէ՞ս կրցար փողահարել շունչով մեծղի
արթնցնել բնակչութիւնն այս ապշահար
ուղեղիդ խուլ բաւիղներէն
ինչպէ՞ս մէկէն հողն այս ծանծաղ
եղաւ կռուան վստահելի
քու նժոյգիդ
ինչպէ՞ս դարձար
պինդ ու խոտոր
ինքնադաւան
եւ յետ մահու
փակելէդ ետք ամէն հաշիւ
ի՞նչ սարսուռով
ու ի՞նչ ոխով
բացիր ճամբան
Կարօ Արմենեան
Մարտ 2010