(Հատուածներ)
Այս շաբաթ մայրամուտին
Թոտորիի ճաշարանին մէջ պիտի հաւաքուինք
Այս շաբաթ մայրամուտին
Գալամըշ – Թոտորիի ճաշարանին
Հսկայ սօսիներուն շուքին տակ
Պատմութեան էջերը – դարերու շերտերը
Քով քովի պիտի բերենք
Եւ մոռացումի անջրդի հողերը մենք
Վերյիշումի բաժակներով պիտի ողողենք
Այս շաբաթ մայրամուտին
Մենք Թոտորիի ճաշարանը պիտի հաւաքուինք
Դուք ալ հրամեցէք – եթէ արգելք մը չունիք
Թոտորին – մանչը Սթավրոն – փեսան Ֆիլիփը
Այս շաբաթ վերջալոյսին
Փառաւոր ճաշասեղան մը պիտի սարքեն
Այոս Եոանիս Խրիսոսթոմոս եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ
Երկաթեայ զանգակատան կից – ծառերուն տակ
Ճիշդ լուսաղբիւրին քով Այոս Եոանիս Բրոտրոմոսի
Թոտորին – գիրուկ եւ ճաղատ –
Մանչը Սթավրոն եւ փեսան Ֆիլիփը
Հոյակապ ճաշասեղան մը պիտի սարքեն մեզի
Այս շաբաթ մայրամուտին
Գիտէ՞ք թէ ովքեր պիտի գան
Հոն – Գալամըշ
Ծառերուն տակ Թոտորիի ճաշարանին
Պատանի Պետրոս Դուրեան
Որ դեռ ուսանող է Սկիւտարի Ճեմարանին
Եւ կ՚աշակերտէ նշանաւոր Սրապիոն Թղլեանին
Պիտի գայ իր հոգեկցորդ ընկերոջ Վարդան Լուֆթեանի հետ
Մայրը Տիկին Արուսեակ լուր ունի թէ ոչ
Չենք գիտեր
Միսաք Մեծարենց – ծնունդ Բինկեանի –
Որ հիմա աքասիաներու շուքին տակ կ՚ապրի
Պիտի գայ «Ծիածան»ով ու «Նոր Տաղեր»ով
Պիտի գայ
«Ու ճամբուն վրայ մենաւոր
Ու ճամբուն վրայ ոսկեման
Եկուորներուն դիմաւոր»
Ան բարեւի մը փոխան
Հազար բարիք պիտի տայ
Հազար բարիք եւ «բոլոր միրգերն աշունի
Ու մեղր ու կաթ ու գինի»
Յետոյ սիւքի նման պիտի մրմնջէ մեղմօրէն
«Ես հայրօրէն լայնաբաց
Երկու թեւս պարզէի
Միշտ քաղցրագին նիւթացած
Հրաւէրն ես ըլլայի»
Մատթէոս Զարիֆեան – Կէտիկփաշայի ծնունդ –
Այսօր Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարանին մէջ
Մարզանք կը դասաւանդէ
Դասը երբ աւարտի – դէպի Սէլամսըզ պիտի ուղղուի
Երկյարկանի տան դուռը պիտի բախէ Տիրան Չրաքեանի
Երկու պաշտօնակից Ինտրա եւ Զարիֆեան
Թեւանցուկ Գալամըշ պիտի գան
Յակոբ Պարոնեան Օրթագիւղէն
«Հոսհոսի Ձեռատետրը» ձեռքին
Գուրգէն Թրենց Րումէլիհիսարի բարձունքէն
Հայկազուն Գալուստեան
Չարշըգափը – Թավուքբազարի իր տունէն
Քրոջը Զապէլին հետ միասին
Եւ Կարպիս Ճանճիկեան
- Սամաթիոյ այդ տարաբախտ տղան –
Մարմարա պողոտայի թիւ 55 իր բնակարանէն
Կը շտապէ շրթներուն վրայ տողեր – տողեր հրեղէն
-------------------------------------------
Թէեւ մենք այս շաբաթ Գալամըշ պիտի ըլլանք մայրամուտին
Բայց այլեւս ոչ անոնք մնացին – ոչ ալ Թոտորին
Բոլորն ալ մէյմէկ «կռունկ» էին
Կռունկներու նման երամ-երամ գաղթեցին
Անոնք պատմութեան գունաւոր ղենջակներուն մէջ փաթթուած
Չաստուածներու չափ հին երգի մը նման անցան ու գացին
Մենք այս տողերով
Երկնքի մարգագետիններուն մէջ երազի սերմեր ցանեցինք
Ծիածանի գոյներով յիշատակներ ծաղկեցան
Գալամըշի պատմական անունը Գալամիս էր
Գալամիս որ յունարէն «եղէգներ» կը նշանակէ
Հիմա – սիրոյ բանաստեղծութեան առաջին տողին նման
«Եղէգներ»էն «կռունկներ» կը բարձրանան
Մի մտահոգուիք
Մի յուսալքուիք
Օր մը չէ օր մը անպայման
Ղարիբներու սրտերուն բալասան
Բանաստեղծ մը «Կանչէ կռունկ»ը պիտի երգէ
«Կանչէ՜, կռունկ, կանչէ՜, քանի արօտ է,
Աշխարհն է արեգակ, սիրտս կարօտ է»
Եւ բոլոր կռունկները մէկ առ մէկ պիտի վերակենդանանան
Եւ բոլոր կռունկները երամ երամ պիտի վերադառնան