Thursday, February 06, 2014

Վահան Թէքէեան։ Գեղօն Սօսեաց Անտառին


Հայոց երկրին մէջ մի՛շտ կ՛ապրին 
Մեծ սօսիներն արմէնաւանդ... 
Եւ լըռութեանն ու ըստուերին
Մէջտեղ անոնց՝ անարգաւանդ
Օրէ մը ետք քերթողն երբ խանդ 
Ու ներշնչում խնդրել կու գայ, 
Խըռովայոյզ ճիւղերն աստ անդ 
Կը փսփըսան «Դո՞ւն ես, արքա՛յ...։»

Կ՛անցնին, կ՛անցնին օրն ու տարին 
Հալածական…։ Դաշտ, դարաւանդ 
Եւ լեռներուն ալ կատարին 
Ձիւնը մաքուր զերդ ադամանդ 
Կը կըրեն հետքն անոնց հիւանդ 
Ծանըր քայլին... Մինչ հոս հսկայ 
Ծառերն, յոյսով միշտ անվկանդ՝
Կը փսփըսան, -- «Դո՞ւն ես, արքա՛յ...։» 

Սեւ աղէտի մը նախօրին ՝ 
Անտառն յուզուած է մանաւանդ, 
Եւ տխրութեամբ սօսիք կ՛օրրին... 
Օ՛հ, թշնամւոյն ըստուե՛րը ժանդ. 
Տունե՛րն, գիւղե՛րը քարուքանդ... 
--Բայց մինչ թաւուտքը կը սըգայ, 
Ահա ձայներ անհընազանդ 
Կը փսփըսան «Դո՞ւն ես, արքա՜յ...։» 



ՁՕՆ

Իշխա՛ն, անյայտ դրռ քու անուանդ
Հայորդիները ապագայ
Ուխտած պաշտում մը մոլեռանդ՝
Կ՛աղաղակեն. -- «Դո՛ւն ես, արքա՜յ...։»

1903

No comments: