Վահան Թէքէեան։ ՏԱՂ ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻՆ
Քե՛զ, Հայ Լեզո՛ւ, կը սիրեմ մրգաստանի մը նման...
Մեր անցեալին թանձրախիտ ստուերներուն մէջ կարծես
Մէյ-մէկ պտուղ՝ քու բոլոր բառերդ ինծի կ՚երեւան,
Որոնց մէջէն կը քալեմ ու կը քաղեմ զանոնք ես։
Մրգաստանի մը նման կը սիրեմ քեզ, Հայ Լեզո՛ւ...
Մեր հայրենի պալատէն, պարտէզներէն մնացորդ՝
Դալարագեղ դուն պուրա՜կ, որ դիմացար դարերու
Եւ կը մնաս միշտ առոյգ, հին աւիշով կենսայորդ։
Ծառերուդ մէջ հովանուտ կ՚երթամ խինդով մ՚անսահման,
Արմատներուդ, ճիւղերուդ վրայ նայելով հիացիկ,
Զարմանալով, թէ ի՛նչպէս դուն մընացիր, երբ սաստիկ
Քամին քու շուրջդ փչեց եւ տապալեց ամէն բան։
Մէյ-մէկ պտուղ գոյնզգոյն բոլոր բառերըդ ահա,
Հիւթեղ բառերդ, զոր որքան հասունցուցին արեւներ,
Բառե՛րդ, որքան այս պահուս շրթանցըս վրայ եմ բռներ,
Բառե՛րդ, որ քիմքըս կ՚օծեն եւ կը սփոփեն սիրտս հիմա...։
No comments:
Post a Comment