Դանիէլ Վարուժան: Մուսային
–«Թևերս, ուղիղ դէպ ի բարձունքըդ վըսեմ`
Քնարըդ կ’ուզեն, կ’ուզեն քընարդ. երկընցո՛ւր:
Կը տրոփէ մէջս երգերու սաղմն. կը սպասեմ,
Ե՞րբ պիտ’ տըրուի անոր ծնուցիչ քու համբոյր:
Երգե՜լ կ’ուզեմ. - թող սարսըռայ բընութիւնն
Մատերուս տակ, ինչպես մոր ծիծն հոլանի`
Մանկան առջի բընազդական դըպչելուն.
Եւ կեանքը թող շըրթունքիս վրայ լուծանի:
Երգե՜լ կ’ուզեմ. - որոտներն ի՞նչ կ’ըսեն մեզ,
Կ’առնէ խօսք մ’հովն ամպէն, հովէն ալ` ջաղաց,
Բա՛ռ ունի աստղն. - երգել, երգե՛լ կ’ուզեմ ես,
Զի կը խօսին երգով Բնութիւնն ու Աստուած:
Կ’ուզեմ ծովուն հետ սիրտ սըրտի ես յարիլ,
Իմ անհունիս մէջ այդ անհունը թաղել,
Բուռն իղձն ունիմ մըրըրկին հետ մաքառիլ,
Եւ գլուխս` Էին գաղտնիքներուն դէմ բախել:
Գըրված է Սէրն` վարդին, Հավատքն` աստղին վրայ,
Զանոնք հեգել կ’ուզեմ քընարի շըրթունքով,
Կ’ուզեմ բնութիւնն յօրինել քօղ մը ծաղկեայ`
Մտածման ամէն ձև իր ներքև քօղելով:
Տո՛ւր, ո՛վ Մուսա, տո՛ւր այդ քընարըդ բըռնած,
Պիտ’ իմին սիրտս, իմին աշխարհս ըլլայ ան`
Ուր գաղափարն պիտի բնակի զերդ Աստված,
Վեհ գաղափարն աչքերով բո՜ց, թռիչքով լա՜յն:
Անոր վըրայ պիտի հալի խանդն հոգւոյս,
Անոր վըրայ պիտի սիրտս յար քըրտընի,
Ինչպէս կարմիր և սարսըռուն արշալո՛ւյս
Մը` սէզերուն, հասկերուն վրա գարունի:
Պիտի այդ քնարը կապէ իմ շըրթներուն
Ժողովուրդին շըրթունքը հուր, սիրագին,
Եւ պիտի այդ համբույրն ըլլայ բուռն, անհուն,
Համբույրին պէս` տըրուած ծովէն եզերքին:
Երգերն անոր պիտի պատմեն Սարսուռներ`
Մարմնավորուած իմ արիւնէս, շարժումէս,
Ներշընչելով տողեր, փուշի ակօսներ,
Ուր, հողմակոծ, պիտ’ ծըլի վիշտն աղէկէզ:
Պիտի մռընչեն զարհուրանքները կյանքին`
Մէ՛ջը սուզած` արդարութեան, բարութեան.
Սըրբազա՜ն քնար, պիտ’ լարերն իր մըկըրտուին`
Մարտիրոսուած եղբայրութեան աւազանն:
Ո՛վ սուրբ Մուսայ, Մուսայ մատաղ, լանջաբաց,
Կարծես դու նո՛ր ձըգած աստղէ օրոցքդ հուր.
Ո՜վ վարդ կոյս, դո՛ւ, ժողովուրդին խոստացուած,
Լայն սէրերո՜ւ դու խոստացուած քնարըդ տո՜ւր:
Երիտասարդ` բայց շուտ ճանչցած շատ բաներ`
Գիրկը՛դ կու գամ երազելու առանձին.
Մէկդի թողած եմ, ժըպիտ, խաղ ու պարեր,
Նորընծայ եմ գաղափարի աշխարհին:
Թևերս, ուղիղ դէպի բարձունքըդ վըսեմ`
Քնարըդ կ’ուզեն, կ’ուզեն քընարդ. երկընցո՛ւր:
Կը տրոփէ մէջս երգերու սաղմն. կը սպասեմ,
Ե՞րբ պիտ’ տըրուի անոր ծնուցիչ քու համբույր»:
Այսպես ըսի: Եւ պատասխանն աղէկէզ`
Մուսան` վերէն հովին յանձնեց դէպ ինծի.
–«Տենչիդ ըզգո՜յշ, այս քընարս է շինուած, տե՛ս,
Սև նոճիէ, փթթում մահուան աւիշի:
Թըշուա՜ռ հոգի, անոր լարերն են բերուած
Փետըռտըուած գանգուրներէն որբերուն.
Կ’երթան երգերն, հևհևալով, սըրընթաց,
Ուր որ կ’երթայ ոտքը բոպիկ` խեղճութիւնն:
Հեռո՜ւ ասկէ. - գիտցած ըլլաս` որ այս քնար`
Քամահրանքով պիտ’ անտեսեն ձերիններ. -
Զի օտարին ոսկւո՜յն քով իսկ` ձեր գոհար`
Աչքերնուդ շո՛ղ մըն ալ, ըստէպ, չի ցայտեր:
Պիտի գոցէ իրենց ալիքը բուստերդ,
Եւ փուշերու, եղիճներու մոխիրով
Պիտի թաղեն կայծերն հոգոյդ բոցակերտ`
Նըւագներուդ ողբը քեզի՜ դարձնելով:
Հեռատեսէ՛. ապագադ խիստ մըթին է.
Հեռատեսէ՛. գերեզման մ’է ապագայդ. -
Խանձարուրէդ պիտի օրոցք մը չելլէ.
Պիտ’ չը գըտնես միջոց թռիչքիդ համեմատ:
Ժողովուրդի՞ն ըլլալ կ’ուզես մօ՜րդ չեղած.
Ծնողքիդ արցունքը քու դարձիդ կը սպասէ.
Արևմուտքի մէջ ծաղիկներդ ընձիւղած
Պիտի խորշակն Արևելքի ազազէ:
Մըտածումի, ըզգացումի այս ճամբուն`
Խընդի արևը չէ սըփռած իր շէկ բաշ.
Հոն կը շըրջի Աբովեանի մ’հէգ ուրուն,
Հոն Դուրեանն է լացած, տըխրած Պէշիկթաշ:
Ի՛նչ կ’ուզես քնա՜րն, որուն շանթերը մէջի`
Պիտի հաճո չը մըռնչեն շատերուն.
Որուն վրայի քողն է սև քող մը խեղճի,
Թէպէտ ըլլայ մէջն արշալոյս մը շողուն:
Ի՛նչ, այս քնա՞րը կ’ուզես, քնար սև փայտէ՜.
Այս` վէրքերու գործի մըն է, այս է հուր.
Ապագայդ է, այս` դագաղդ է, անո՜ւնդ է»:
Ես, անյողդողդ, ըսի անոր.
Քնարըդ կ’ուզեն, կ’ուզեն քընարդ. երկընցո՛ւր:
Կը տրոփէ մէջս երգերու սաղմն. կը սպասեմ,
Ե՞րբ պիտ’ տըրուի անոր ծնուցիչ քու համբոյր:
Երգե՜լ կ’ուզեմ. - թող սարսըռայ բընութիւնն
Մատերուս տակ, ինչպես մոր ծիծն հոլանի`
Մանկան առջի բընազդական դըպչելուն.
Եւ կեանքը թող շըրթունքիս վրայ լուծանի:
Երգե՜լ կ’ուզեմ. - որոտներն ի՞նչ կ’ըսեն մեզ,
Կ’առնէ խօսք մ’հովն ամպէն, հովէն ալ` ջաղաց,
Բա՛ռ ունի աստղն. - երգել, երգե՛լ կ’ուզեմ ես,
Զի կը խօսին երգով Բնութիւնն ու Աստուած:
Կ’ուզեմ ծովուն հետ սիրտ սըրտի ես յարիլ,
Իմ անհունիս մէջ այդ անհունը թաղել,
Բուռն իղձն ունիմ մըրըրկին հետ մաքառիլ,
Եւ գլուխս` Էին գաղտնիքներուն դէմ բախել:
Գըրված է Սէրն` վարդին, Հավատքն` աստղին վրայ,
Զանոնք հեգել կ’ուզեմ քընարի շըրթունքով,
Կ’ուզեմ բնութիւնն յօրինել քօղ մը ծաղկեայ`
Մտածման ամէն ձև իր ներքև քօղելով:
Տո՛ւր, ո՛վ Մուսա, տո՛ւր այդ քընարըդ բըռնած,
Պիտ’ իմին սիրտս, իմին աշխարհս ըլլայ ան`
Ուր գաղափարն պիտի բնակի զերդ Աստված,
Վեհ գաղափարն աչքերով բո՜ց, թռիչքով լա՜յն:
Անոր վըրայ պիտի հալի խանդն հոգւոյս,
Անոր վըրայ պիտի սիրտս յար քըրտընի,
Ինչպէս կարմիր և սարսըռուն արշալո՛ւյս
Մը` սէզերուն, հասկերուն վրա գարունի:
Պիտի այդ քնարը կապէ իմ շըրթներուն
Ժողովուրդին շըրթունքը հուր, սիրագին,
Եւ պիտի այդ համբույրն ըլլայ բուռն, անհուն,
Համբույրին պէս` տըրուած ծովէն եզերքին:
Երգերն անոր պիտի պատմեն Սարսուռներ`
Մարմնավորուած իմ արիւնէս, շարժումէս,
Ներշընչելով տողեր, փուշի ակօսներ,
Ուր, հողմակոծ, պիտ’ ծըլի վիշտն աղէկէզ:
Պիտի մռընչեն զարհուրանքները կյանքին`
Մէ՛ջը սուզած` արդարութեան, բարութեան.
Սըրբազա՜ն քնար, պիտ’ լարերն իր մըկըրտուին`
Մարտիրոսուած եղբայրութեան աւազանն:
Ո՛վ սուրբ Մուսայ, Մուսայ մատաղ, լանջաբաց,
Կարծես դու նո՛ր ձըգած աստղէ օրոցքդ հուր.
Ո՜վ վարդ կոյս, դո՛ւ, ժողովուրդին խոստացուած,
Լայն սէրերո՜ւ դու խոստացուած քնարըդ տո՜ւր:
Երիտասարդ` բայց շուտ ճանչցած շատ բաներ`
Գիրկը՛դ կու գամ երազելու առանձին.
Մէկդի թողած եմ, ժըպիտ, խաղ ու պարեր,
Նորընծայ եմ գաղափարի աշխարհին:
Թևերս, ուղիղ դէպի բարձունքըդ վըսեմ`
Քնարըդ կ’ուզեն, կ’ուզեն քընարդ. երկընցո՛ւր:
Կը տրոփէ մէջս երգերու սաղմն. կը սպասեմ,
Ե՞րբ պիտ’ տըրուի անոր ծնուցիչ քու համբույր»:
Այսպես ըսի: Եւ պատասխանն աղէկէզ`
Մուսան` վերէն հովին յանձնեց դէպ ինծի.
–«Տենչիդ ըզգո՜յշ, այս քընարս է շինուած, տե՛ս,
Սև նոճիէ, փթթում մահուան աւիշի:
Թըշուա՜ռ հոգի, անոր լարերն են բերուած
Փետըռտըուած գանգուրներէն որբերուն.
Կ’երթան երգերն, հևհևալով, սըրընթաց,
Ուր որ կ’երթայ ոտքը բոպիկ` խեղճութիւնն:
Հեռո՜ւ ասկէ. - գիտցած ըլլաս` որ այս քնար`
Քամահրանքով պիտ’ անտեսեն ձերիններ. -
Զի օտարին ոսկւո՜յն քով իսկ` ձեր գոհար`
Աչքերնուդ շո՛ղ մըն ալ, ըստէպ, չի ցայտեր:
Պիտի գոցէ իրենց ալիքը բուստերդ,
Եւ փուշերու, եղիճներու մոխիրով
Պիտի թաղեն կայծերն հոգոյդ բոցակերտ`
Նըւագներուդ ողբը քեզի՜ դարձնելով:
Հեռատեսէ՛. ապագադ խիստ մըթին է.
Հեռատեսէ՛. գերեզման մ’է ապագայդ. -
Խանձարուրէդ պիտի օրոցք մը չելլէ.
Պիտ’ չը գըտնես միջոց թռիչքիդ համեմատ:
Ժողովուրդի՞ն ըլլալ կ’ուզես մօ՜րդ չեղած.
Ծնողքիդ արցունքը քու դարձիդ կը սպասէ.
Արևմուտքի մէջ ծաղիկներդ ընձիւղած
Պիտի խորշակն Արևելքի ազազէ:
Մըտածումի, ըզգացումի այս ճամբուն`
Խընդի արևը չէ սըփռած իր շէկ բաշ.
Հոն կը շըրջի Աբովեանի մ’հէգ ուրուն,
Հոն Դուրեանն է լացած, տըխրած Պէշիկթաշ:
Ի՛նչ կ’ուզես քնա՜րն, որուն շանթերը մէջի`
Պիտի հաճո չը մըռնչեն շատերուն.
Որուն վրայի քողն է սև քող մը խեղճի,
Թէպէտ ըլլայ մէջն արշալոյս մը շողուն:
Ի՛նչ, այս քնա՞րը կ’ուզես, քնար սև փայտէ՜.
Այս` վէրքերու գործի մըն է, այս է հուր.
Ապագայդ է, այս` դագաղդ է, անո՜ւնդ է»:
Ես, անյողդողդ, ըսի անոր.
– Ըլլա՛, տո՜ւր:
Դանիէլ Վարուժան, ՍԱՐՍՈՒՌՆԵՐ, Վենետիկ 1906
No comments:
Post a Comment