Դանիէլ Վարուժան: ՎԵՐԱԴԱՐՁ
Այս իրիկուն ձեզի կուգանք, ե՜րգ երգելով,
Լուսնակ ճամբով,
Ո՛վ գիւղակներ, գիւղակներ.
Ձեր բակերուն մէջ ամէն
Թող գամփըռներն արթըննան,
Եւ աղբիւրները նորէն
Դոյլերու մէջ քրքըջան. -
Ձեր տոներուն համար դաշտեն` մաղերով
Վարդ ենք բերեր` խաղերով:
Այս իրիկուն ձեզի կուգանք, սէ՜ր երգելով,
Սարի ճամբով,
Ո՛վ հիւղակներ, հիւղակներ.
Եղջիւրներուն դէմ եզին
Թող ա՛լ բացուին ձեր դուռներ,
Թոնիրը մխայ, պըսակուին
Կապոյտ ծուխով կըտուրներ. -
Ահա ձեզի հարսերը` նո՜ր մանչերով`
Կաթ են բերեր` փարչերով:
Այս իրիկուն ձեզի կուգանք, յո՜յսն երգելով,
Արտի ճամբով,
Ո՛վ մարագներ, մարագներ.
Ձեր պատերուն մէջ խաւար
Թող նոր արև նըշողէ,
Երդիքներուն վրայ դալար
Լուսնակն ալիւր թող մաղէ.
Ահա ձեզի բերեր են խար` խուրձերով
Յարդը` անուշ ուրցերով:
Այս իրիկուն ձեզի կուգանք, հա՜ցն երգելով,
Կալի ճամբով,
Ո՛վ ամբարներ, ամբարներ.
Ձեր մութ ծոցին մեջ հըսկայ
Թող բերկրութեան շող ցաթի.
Սարդոստայնը ձեր վըրա
Թող ըլլա քօղ մ'արծաթի.
Զի բերեր են սայլե՜ր, սայլե՜ր շարքերով
Ցորե՜նն` հազար պարկերով:
ՀԱՑԻՆ ԵՐԳԸ
1 comment:
23/05/2010
Դանիէլ Վարուժանի ՛Վերադարձ՝ ը
Դանիէլ Վարուժան այս բանաստեղծութեան միջոցով ինչպէս ինք այնպէս ալ մեզ կը վերադարձնէ շրջագայութիւնով մը, կարելի էր ըսել նաեւ ուխտագնացութիւննով մը դէպի արեւմտահայաստանի գիւղերուն ՛եր՜գ երգելով՝:
Դանիէլ Վարուժան մեզ կը տանի Հայկական գաւառի հիւղակներուն՛սէ՜ր երգելով՝ կ՝ըսէ ՛թող ա՝լ բացուին ձեր դուռները՝ Հայ հիւղակին դուրները կ՝ուզէ որ անոնք ա՝լ երեւին ոչ թէ փակուած մնան. ՛Ձեզի կուգանք՝ աւետաբեր եւ կը հրաւիրէ մտերմութեամբ կ՝ըսէ թող ՛թոնիր մխայ՝ հիւղակներու ծխնելոյզներէն ՛կապոյտ ծուխով կըտուրներ՝ կուզէ որ բարձրանայ: ՛Ահա ձեզի հարսերը՝ նո՜ր մանչերով կաթ են բերեր՝ փարչերով՝, չէ որ կը մաղթէ երջանկութիւն եւ
բարեկեցութիւն Հայ հիւղակին ՛սէ՜ր երգելով:
՛Այս իրիկուն ձեզի կուգանք, յոյ՜ս երգելով՝, համեստ Հայ գիւղացիին միշտ լաւը մաղթելով, արեւ, լոյս եւ կենդանիներու կերակրման համար կը բերէ առատ կեր:
Եւ ի վերջոյ իր խօսքը բերկրութեան, խնդութեան մաղթանքի մասին է, ցորենի ու հացի ամբարները կուզէ տեսնել առատութեան մէջ:
Այս բանաստեղծութեան մէջ Դանիէլ Վարուժան մեր աչքերուն առջեւ կը պատկերազարդէ արեւմտահայաստանի գաւառը, գիւղը, հիւղակը եւ Հայ գիւղացին: Որքան մօտ է անոնց հոգիով ու սրտով, մինջեւ իսկ մասնակցելով անոնց արօրեայ կեանքին միշտ ՛հա՜ցն երգելով՝:
Այսօր չկայ արեւմտահայաստան, չկայ անոր Հայ գիւղը ու հիւղակը: Բայց կայ ու կը մնայ մեր երազը՝ կարօտը՝ ու յոյսը՝ առմիշտ:
Post a Comment