հմայուած եմ դիակիդ
դեկտեմբերեան ինքնապատուաստ
օրերուն,
երբ գիրք ու Յիսուս միասնաբար
ծնանելու մէջ կ’աճին
ու ծնելու
փոխարէն
պտիկ մը
միտք իբր արգասիք կը թքնեն
հասկնալը՝
թէ մերժուած ես կեանքէն
ու մեկնիլը
յանկարծակի թօթափուելով ինքզինքէդ
առանց
ծունկի իջնելու
աղերսելու
թէկուզ քեզ ստեղծող Աստուծմէն
որ անօթի
աչքերդ յղփացնէ շռայլութեամբ մը վերջին
ու գիրի
պէս քեզ քու խաչէդ օրօրէ
պիտի չընէ
դուն սովահար
որբ մըն ես
անօթութեան
մէջ ծնած
զոր գրպանը
փշրանք պահած ամէն մարդ
խոստումներով պատառ մը հացի
կը քաշքշէ
ետեւէն
հասկնալը՝
թէ մերժուած ես կիրքէն
ու մեկնիլը
առանց հաշիւ գոցելու
բացին
ձգուած ըմբոստ ու խենթ տուեալներ
պայթուցիկի
ցանցառութեամբ պսպղուն
օդին մէջ
պիտի ծփան տակաւին
տատանելով
քիչ մըն ալ
մինչեւ
ձանձրոյթն զգետնէ ամէն զայրոյթ ու համբոյր
հասկնալը՝
թէ մերժուած ես մահէն
ու մեկնիլը
չապրած կեանքդ կտակելով ուրիշին
որ պիտի
քեզ այլանդակէ նոյնիսկ մեռնելէդ անդին
չհասկցուած
դիակիդ չհասկցուող աղօթքներ մրմնջելով
քեզ խոցողը սէրերդ եղան
դուն փորձեցիր ուրիշ անուններ
տալ անոնց
մորթդ փղձկաց ուրիշ լեզու չգտաւ
լռութեան մտրակին տակ միայն
դուն հասկցար թէ մերժուած
ես ի սպառ