Հրանդ Մ․ Մարգարեան: ԴԻԱԿՍ․․․
Այս առաւօտ,
դիակս գտան`
գլուխս խոնարհած ստեղնաշարին համակարգիչիս։
Հարուածէն՝ ճակտիս արեան հոսք մը մեղմ
տառերուն անզարդ երանգ էր տուած․․․
Արիւնս լերդացած․․․
Դիազննողը ըսաւ վճռօրէն․ «Մահը առտուայ մութին էր եկեր։
Սրտի կաթուած է ․․․»:
Յետոյ նայեցաւ համակարգիչի պաստառին ճերմակ,
Ուր տառ մը մինակ, որբի մը նման․
նստա՞ծ էր, կանգնա՞ծ, թէ լո՜ւռ խոնարհած․․․
Զարմացած հարցուց․ «Այս ի՞նչ է, արդեօք»։
Թոռներս ըսին․֊
«Հայերէն տառ է։ Չորս հազար տարուայ լեզուի մէկ հունչը»։
«Իսկ ի՞նչ տառ է այս», հարցուց ան նորէն։
«Հայերէն ՛ Հո ՛ն է», ըսին թոռներս գլուխնին հակած․․․
«Իր առանձնութեան անհուն պահուն մէջ,
ինչո՞ւ է ընտրած այս տառը ծուռլիկ։
Անուանատա՞ռն է», հարցուց բժիշկը։
֊«Չենք կարծեր», ըսին գլուխնին կախած իմ բալիկները՝ Կամքն ու Երազը։
«Անուանատառ չէ՛»։
Իրար նայեցան, զաաւակներս լուռ,
տխուր, գլխիկոր, ըսին շատ հանդարտ․
֊«Իր ներաշխարհի սրբութիւններու արձագանգներու պսակի զարդն է՝
– ՛ Հո ՛ն Հայաստա՛նն է՝ իր գոյութիւնը։
– Մարտնչող ՛Հ՛ա՛յն է։
– ՛ Հո ՛ ն Հայրենի՛քն է, իր կարմիր ՛Հ՛ո՛ղն է։
– Եւ այս բոլորով ՛ Հո ՛ ն ապրող, շնչող, իր ՛Հ՛այութի՛ւնն է»։
«Մեր հայրը», ըսին․
– ՛Հո ՛ տառով ծնաւ,
– ՛Հո ՛֊ով ապրեցաւ,
– ՛Հո ՛֊ով մահացաւ․․․»
Համակարգիչի պաստառին վրայ
՛ Հո ՛ տառր խոնարհ,
Որ գահակալն է սրբութիւններուն մեր գահնամակին,
Խաչուած, պարտասած, բազմիցս հրկիզուած,
Դարերու փոշին վրայէն նետեց,
Յարատեւութեան խորհուրդը հագաւ
Խոնարհութեան մէջ հպարտ, անկոտրուն,
Լռիկ ժպտեցաւ,
Եւ ձայնով մը մեղմ եւ անլսելի
Ըսաւ պատմութեան ալեկոծ ծովուն․
«Ես պիտի ապրիմ
Դարերու հեւքի յորձանուտին մէջ։
Յաւերժին ձգտող
Նաւարկող, անխոնջ ՛հ՛ոգիներուն մէջ,
՛հ՛ուրի կայծ մ՛ինչպէս,
՛հ՛ուրէն ալ անդին
՛Հ՛աւատքով կ՛ապրիմ»։
***
Իսկ դիակս լուռ
՛հո՛֊ի օծումով
Հանգիստ քնացաւ․․․
Published in Hairenik Weekly
No comments:
Post a Comment