Monday, March 11, 2013

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ: Ե՞ՐԲ ԵՒ Ո՞ՒՐ


Ըսէ´ք ինծի՝ ե՞րբ եւ ո՞ւր
Հոգին մարդուն պիտի գտնէ
Իր անդորրը մնայուն.
Ե՞րբ պիտի խաղաղին ալիքները ծովուն,
Ե՞րբ պիտի լռեն շառաչները անհուն
Ի´ր ալեկոծ ծովուն:

Պճեղ մը սիրտ տրուած է մարդուն,
Բայց ան շալկած է հեղեղ մը ցաւ անհուն,
Տրուած են համրուած օրեր անկայուն,
Ու կը սպասուի որ գործէ հրաշք գերագոյն:

Ռոպոթի նման նետուած գիրկը աշխարհին,
Կը տարուբերի ճօճանակի նման մշտարթուն,
Կը ցատկռտէ, կը վազէ, կը քալէ ետ ու առաջ,
Ապա կը նետուի թափօնի նման ետեւը իր տան:

Ըսէ´ք ինծի՝ ինչո՞ւ այս խաղը անհրապոյր
Իր ճակատագի՜րն է եղած դարերէն հնագոյն,
Ի՞նչ նպատակի մը գերագոյն
Կը ծառայէ տուայտանքը հէ´ք մարդուն:

Ըսէ´ք ինծի՝ ե՞րբ եւ ո՞ւր
Կանգ պիտի առնէ այս զաւե՜շտը տխուր....

Sunday, March 10, 2013

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ: ԿԸ ՔԱԼԵՆ ԱՌԱՋ


Դաժան օրերուն այս,
Դաժան պահերուն մեր,
Երբ խաժամուժին մէջ նետուած
Վակոնները շոգեկառքին կը յառաջանան արագ,

Երբ գալիքի պահերը թուխպ
Երկունքի ցաւերով են յղի,

Երբ մարդը՝ երկնքի ու երկրի  
Ահեղ մարտին մէջ նետուած էակ մըն է անիծեալ,

Մինչ սեւն ու սպիտակը ձուլուած իրարու,
Անշունչ պատկեր են նկարիչին
Պաստառին վրայ.-
Կը քալեն ամբոխները առաջ
Յոյսի մը, ապաւէն լաստի մը պատրանքով,
Նոր ճանապարհի որոնումի 
Յորձանուտին մէջ նետուած ակամայ,

Երբ ճապաղ առօրեան իրենց օրագիրն է միանուագ,
Ու սերմը պտուղին՝ այլոց ձգուած բարիք մնայուն,
Կը նային ետեւ, կը նային առաջ,
Ու մշուշն է միշտ հորիզոնը ծածկած,
Բայց դեռ կը յուսան,
Դեռ կը տագնապին, 
Դեռ կը քալեն առաջ...


Saturday, March 09, 2013

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ։ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ



 I. ՔԱԼԷ՛ ԱՌԱՋ
Քալէ´, քալէ´, որդի,
Կիրճերէն վեհաշուք,
         անձաւներէն տամուկ,
Քալէ´ առաջ, դէպի հորիզոնը պայծառ,
Քալէ´ դէպի բարձունքը անհաս։
        
Ճեղքէ´ լեռները խրոխտ, սարերը հպարտ,
Դուն՝ անհունին կարեվէր,
Երկինքներուն անհպելի,
Քալէ´ անվերջ, տեսիլքներուդ հետամուտ,
Բայց յիշէ´ ճանապարհին, դադարի պահերուն,
Ինչքան սլանաս վե՜ր,
Եւ որքան յառաջանաս,
Դեռ հեռո՜ւ, շա՜տ հեռու է գագաթը նուիրական:

Բայց քալէ´, որդի, քալէ´ առանց հրաժեշտի,
                                        առանց խոնջէնքի,
Կանգ չառնես վայրկեան միսկ քու սլացքիդ ընթացքին,
Դադարը մահ է, ցաւերու վերյուշ է, եւ ունայնի տագնապ,
Կանգառը միջոցին, բզկտող լլկում է ու մահաքուն,
Դուն նայէ հեռուն ու քալէ առաջ,
Նայուածքդ յառած անհունին կապոյտ։

Բայց եւ գիտցիր - որպէս իրողութիւն պարզ -
Թէ՝ հեռո՜ւ, շա՜տ հեռու է հրաշք ափը պատրանքներուդ,
Գուցէ եւ անհասանելի՝ այս կեանքի ընթացքին:

Քալէ´, անցի՜ր, որդի, այս աշխարհէն, արագ...:

II. ՔՈՒ ՀԵՐԹԸ

Հիմա կանգ առ պահ մը միայն, որդի՛,
Ու դիտէ´ շուրջդ, կատղած ու ապստամբ,
Նայէ´ այն խենթ օրերուն, որոնք մերն են,
Տե´ս թէ ինչպէս կը կործանին կայսրութիւններ,
Ոտքի կոխան կըլլան բռնապետեր հնաւանդ,
Տե´ս թէ ինչպէս Նոր գարունի մը երազանքը
Կը ծնի կրկին ոտքերուդ առջեւ։
ՆայԷ´ ու հպարտացիր, որդի՛,
Վաղ թէ ուշ անկցի՜ն պիտի խորհրդանիշերը՝
Պիղծ, սնափառ ու վայրենի,
Ու ձմրան երկա՜ր գիշերները, խիստ ու կատաղի,
Պիտի փարատին. այդպէս է երգը ժամանակի,
Ու խորհուրդն այս աշխարհի:
Տե´ս թէ ինչպէս երամներ ծիծղուն
Կը սաւառնին կրկին երկնակամարին,
Ու երգերը գարնանային
Կը պարուրեն անդաստանները քու անեղծ հոգիին,
Տե´ս այս բոլորը եւ հրճուէ՜, սիրելիս,
Թող խինդն ու ծիծաղը ըլլան անբաժան
Քու ճանապարհին, քու երթին ակնթարթային,
Բայց եւ գիտցի´ր, որդի՛, գիտցի´ր հաստատ՝
Ա՜յն ինչ տեսար ու ապրեցար,
Այն ինչ կը վկայես քու անեղծ աչքերով,
Բազում ուրիշներ եղան նոյնին վկան,
Ապրեցան քեզ նման նոյն այդ պահերը՝
Սեւ եւ սպիտակ, ու հեռացան ընդմիշտ
Ձեռնունայն...

Քալէ´, քալէ´, որդի՛, այս աշխարհէն, արա՜գ...:

Friday, March 08, 2013

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ: ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ



Այն օրէն երբ
Արժէք տրուեցաւ կեղեւին՝ քան միջուկին,
Երեւոյթին՝ քան որակին,
Ձեւին՝ քան խորքին,
Շպարին, եւ ո´չ արժէքին,

Այն օրէն ասդին
Մենք դարձանք անդիմագիծ,
Կիսադատարկ,
Միջակութեանց մէջ տուայտող
Ամբոխ մը՝
Հետեւող,
Անգոյն,
Հոսանքին հետ գահավիժող:

Այն օրէն ասդին
Երբ աշխարհ վերածուեցաւ աշխարհատարած ցանցի,
Ու վերացան սահմաններ, գիծեր բաժանումի,
Մենք դարձանք արածող երամակներու նման
Հրամցուածը անյագուրդ սպառողի
Զանգուած մը՝ անտարբեր, անտէր, անջրդի...


Այն օրէն ասդին
Մենք զոհերն ենք բագինին վրայ
Մեզ զոհաբերող քուրմերուն,
Հի՜ն աստուածներուն,
Կրեսոսներուն,
Ու մամոնային՝ շլացուցիչ...

Այն օրէն ասդին
Մենք զոհեցինք մեր անցեալը
Գալիք անմխիթար ժամանակներուն...

Այդ օրէն ասդին
Նոր աշխարհ է մեր ոտքերուն տակ: