Wednesday, November 08, 2006

Lola Koundakjian: Life/Կեանք

Կեանք

Այս մէկը գործարանի մը մէջ մեռաւ 25 տարեկանին
Ուրիշ մը զինուոր, երրորդ մը կէթոյի մը մէջ նահատակ:
Կին մը շաբաթը եօթը օր կը սպասարկէ,
Քոյրը՝ ուրիշին զաւակները կը մեծցնէ:

Կեանքի հերոսներ՝
Ե՞րբ ձեր կարգին պիտ հանգչիք,
Ո՞վ ձեր զաւակները կը մեծցնէ.
Ո՞վ ո՞վ ձեր մահուն կու լայ:


November 2, 2006
Լօլա Գունտաքճեան
Copyright 2006 Lola Koundakjian

This poem has appeared in PAKIN Armenian literary journal in its September 2009 issue.

No comments: