Thursday, April 16, 2009

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ԴԱՐՁԵԱԼ




Եւ որովհետեւ ես
մերկ ծառերու ետին հեռացայ
եթէ մեր սիրոյ երկնակամարը մթագնող
սեւամորթ ամպ մը նոյնիսկ ժայթքի
յիշէ զիս դարձեալ
ու մեղր աչքերէդ
լոկ շիթ մը թախիծ թող մաղուի

Եւ որովհետեւ ես
ճաղատ բլուրներու ետին անհետացայ
եթէ մեր սիրոյ ովկէանը ալեկոծող
ալեհեր ալիք մը նոյնիսկ ցցուի
յիշէ զիս դարձեալ
ու ծով աչքերէդ
լոկ փարոս մը յոյս թող թափի

Եւ որովհետեւ ես
ոսկի արտերու ետեւ հեռացայ
եթէ մեր սիրոյ պարտէզը լուսաւորող
աւետաբեր ծիլ մը նոյնիսկ ծաղկի
յիշէ զիս դարձեալ
ու արեւ աչքերէդ
լոկ կաթիլ մը ապագայ թող կաթի

Եւ որովհետեւ ես
մութ քաղաքներու ետին անհետացայ
նոյնիսկ յենակէտը մեր սիրոյ երկրագունտին
օր մը դիպուածաւ եթէ շարժի
դարձեալ յիշէ զիս դարձեալ
ու քարայր աչքերէդ
լոկ ջրվէժ մը առանձնութիւն թող հոսի


11. 1. 1971

No comments: