ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ՁԻՒՆ ՄԱՏՆԵՐԴ
Ձիւն մատներդ
որ ինծի պիտի յանձնէիր
գրամեքենայի մը
սառ ստեղներուն յանձնեցիր
Ածուխ աչքերդ
որ ինծի պիտի նայէին
գրամեքենայի մը
սեւ ստեղներուն նայեցան
Հոգիիս մէջ
թել մը փրթաւ - հայելի մը փշրուեցաւ
մահուան պէս ահռելի
առանձնութեան մը հետ գլուխ գլխի մնացի
1969
No comments:
Post a Comment