Thursday, April 09, 2009

Պետրոս Աֆէյեան: Բանիւ Անիւ Վերածին

Խունկ մը, վանկ մը, ինչ խակ ելակ
Քարաշէն ժպիտ մը մոխրերես, տուն մը
Ծիրանի կուտի պէս, անոյշ անցեալով
Լալկան կուրծքերու շփմամբ
Կայուն, զգայուն, տաճար հայութեան

Եթէ երազես անգիտակցաբար,
Անհամբեր օրերէդ, վերքածաւալ
Եթէ ներշնչես պայքար, պարգեւ,
Պտղածին պաշտամունք կայսրութեան

Թափառիս, սպառես, թերանաս
Շուրթերդ խածուած, լուծուած, դաւաճան
Իսկ դուն՝ հոգւոյս թեթեւ դարման
Սրտիս յանկարծ մէկ հարուած
Մէկ հրացան հեթանոսական


Պետրոս Աֆէյեան

Մարտ 15, 2009
Օլտ Ֆըրսդ Չըրչ
Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆորնիա

No comments: