Thursday, April 30, 2009

Սեպուհ Պաղտոյեան։Հայուն Երազը

Բոլոր ազգերու երազներն են շատ,
Ոմանք կեանք կ՛առնեն, ոմանք կը մնան,
Իսկ դեռ շատերը կը մնան կիսատ՝
Նոր երազներու ճամբայ կը բանան։

Անքուն հայ ազգի ծլած երազներն
Ալ կասկած չունին թէ գոյն կը հագնին,
Թէ կը տերեւնան իրենց մերկ ճիւղերն,
Թէ պտուղ կու տան որքան ալ յոգնին։

Ապրիլ ամիսը սխալ ընտրեցին
Հայ ժողովուրդի լոյսը մարելու,
Ի զուր փորձեցին, ելքեր փնտռեցին՝
Իրենց երազին կեանք շնորհելու։

Անոնք չիմացան թէ Ապրիլի պէս,
Հայ ազգը անվերջ ապրիլ կը տենչար.
Այդ Ապրիլով իսկ սկիզբ մը որպէս
Անվերջ կը ճզմենք երազները չար։

Ու ահա կ՛ապրինք, կ՛երազենք նորէն,
Թէեւ հայուն անքուն է ներկան.
Բայց թէ միանանք հայկականօրէն,
Կը հզօրանանք. «Հրայրք» է վկան։



Սեպուհ Պաղտոյեան, Հրայրք Շաբաթաթերթ, Վիէննա, Ապրիլ

No comments: