Դանիէլ Վարուժան։ Մայիս Մէկ
Քընարս այսօր, կըտըրտելով լարերն իր,
Ձե՜զ կը կանչէ Արևելքէն Արևմուտք,
Ո՛վ դուք
Հացի՛ զոհեր, որ ունիք միշտ արևու
Պասուք:
Այս առաւօտ` գըտա հասակըս թաղուած
Հեղեղին մէջ շուրջըս ծաղկած վարդերուն.
Եւ կանգուն`
Խմեցի ավիշն հողին, երգերը բոլոր
Բույներուն:
Ինծի՛ եկէք, ես կախարդն եմ Մայիսին. --
Ձեր քըրտինքը ես կ’ընեմ գոհար ցօղն անգին
Վարդին.
Կը հեղում ձեր ոսկորներուն մէջ ցամքած`
Արփին:
Ինծի՛ եկէք գործատունէն` ուր երկար
Շաղուեցիք դուք մեր Աշխարհին ցեցակեր
Նո՛ր հիմեր.
Փուռէն` որ ձեր գըլխուն, սըրտին վրայ` մոխիր
Է ցաներ:
Ինծի՛ եկէք նաւարանէն` ուր կռեցիք
Նաւեր, վաղուան ձեր դագաղները պողպատ։
Ելէ՛ք արդ
Աղիքներէն հողին, ճահճին արգանդէն,
Դա՜շտն ու ա՜րտ:
Ինծի՛, ինծի՛ եկէք այս օր բոլորնիդ.
Սիրտս ա՜յնքան բոց ունի, հոգիս` ա՜յնքան լոյս`
Որ ձեր խիւս
Ցեխերէն իսկ կը շաղուեմ նո՛ր Մարդկութիւն
Եւ նո՛ր Յոյս:
Հերի՛ք հիւծաք նըկուղներուն մէջ խոնաւ,
Եւ ունեցաք միշտ կարոտ, նման խըլուրդի,
Օդի,
Եւ ժանգի պէս երկաթներուն փարեցաք,
Նօթի՜:
Թող ձեր մուրճն ա՛լ չըկայծակէ սալին վրայ.
Մըխուած մընան թող ատամները սղոցին`
Հեցին.
Կոճղին խըրուած` թող խէժերէն ժանգոտի
Կացինն:
Ի՛նչ փոյթ թէ որբ մընայ շարժիչ մեքենան,
Եւ գործատան մէջ ճիւաղներ սողան լուռ.
Ի՛նչ փոյթ ո՛ւր
Դառնայ ճախրակն, ու խորտակուին լոյծ փոկերն
Ընդհանուր:
Դե՛հ քրրտնաբոյր ձեր շապիկներն հանեցէք.
Թող ճենճոտած ձեր գըտակները նետուին
Հնոցին.
Գլուխնիդ այսօր պիտի սուզիմ արևուն
Բոցին:
Ինծի՛ եկէք, եկէք ինծի՛, Եղբայրնե՛ր,
Ձեր ամենուդ այսօր տօնն է Մայիսի,
Վասըն զի
Հողն ըստեղծիչ, ձեր ըստեղծիչ արեան լոկ
Կը խօսի:
Զեփիւռն ահա,՛-- ո՛վ տառապեալ հոգիներ,
Ձեր կուրծքերուն բացէ՛ք վէրքերն` իր անգին
Խունկին.
Աղբիւրն ահա՛, թո՛ղ գըլուխնիդ իր լոյսին
Հակին:
Դեղձին ահա՛, ծաղիկներն իր կ’անձրևէ
Ձեր կոշկոճուած ձեռքերուն վրա արիւնոտ.
Եւ կարօտ
Կը զգայ մայրին` որ գըրկէք զինք թևերով`
Վիրոտ:
Ահա Արե՜ւն, Արե՜ւն ահա. լոկ ձեզի՛
Այս օր կ’նայի. կը համբուրէ միայն ձե՛ր
Ճակատներ.
Ան` բոլոր միւս ճակատներուն վրայ իշխող
Է թըքեր:
Ձե՛րն են դաշտեր, ձե՛րն է Քաղաքն, որուն լուռ
Փողոցներէն պէտք է անցնի լոկ այս օր
Ձե՛ր թափօր,
Դրօշներ ծըփան, ծաղկին յոյսեր, և գոռայ
Շեփոր:
Հանգի՜ստ երգեն թող ձեզ բոլոր արծիւներ.
Հանգի՜ստ երգէ քընարս, որուն, ձեզ համար,
Իբրեւ լար,
Ես արծիւի տըւի այս օր աղիքներ՝
Որ գոռար։
Թող ձեր շեմերը ողողուին վարդերով։
Երբ գայ լուսինն ու իր բիբերը բոցէ
Յածէ՝
Բալասանո՜վ թող այս գիշեր ձեր դուռներն
Օծէ…։
Դանիէլ Վարուժան
No comments:
Post a Comment