ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ԴԱՐԷ ԴԱՐ ԱՂԹԱՄԱՐ
Սիրոյ նոր երգերով – անհուն յոյսերով
Աչքերու մէջ ծաղկող ջերմ ծիծաղներով
Սիրտերու մէջ մխացող կարօտներով հրավառ
Եկանք քեզի – եկանք ողջունելու ով Աղթամար
Ողջոյն քեզ ով երազ Թամար
Առասպելներով անսպառ
Դուն ովասիս աղօթավառ
Աղթամար
Խաղաղութեան անբիծ աղաւնիներով
Կուրծքիդ վրայ ծաղկող նշենիներով
Երկնակամարը համբուրող Սիփանով
Յաւերժութեան երգը հիւսէ՛ դարերով
Խորաններու աննման զարդը դալար
Ձիթենիի ճիւղ մըն ես դուն Աղթամար
Ծփա՛ լիճին վրայ որպէս նունուֆար
Սիրոյ անզուգական կղզին Աղթամար
Զանգակներու ղօղանջին հետ խանդավառ
Խորհուրդներու խնկամանին մէջ անմար
Քշոցներու կարկաջին հետ անդադար
Եղբայրութեան երգը երգէ՛ Աղթամար
Պատմութեան էջերուն մէջ անգին տիպար
Ադամանդեայ կոթող մըն ես հրաշափառ
Տառ առ տառ այս տողերով կարօտավառ
Կը գովերգենք քեզ անմոռաց Աղթամար
Դուն ծովալիճին մէջ դարերու վկայ
Ալիքներուն մէջ յաւերժօրեն լողա՛
Գեղատեսիլ դիմագծովդ պայծառ
Ձյունասպիտակ կարապ մըն ես Աղթամար
Ջերմ ողջոյն քեզի մեր սրտի խորերէն
Համբոյր քեզի մեր հոգիի ծալքերէն
Սրբազան յիշատակներով ոսկեվառ
Լուսաշող փառապսակ ես Աղթամար
Դուն սաթէ ողկոյզն ես այգիներուն
Ոսկի հունձքը արեւավառ արտերուն
Չքնաղ լուսածագը հպարտ լեռներուն
Ալիք – ալիք ցնծերգը ջաղացքներուն
Շինականի ճակտի քրտինքն արդար
Գոյատեւելու նեկտարն է կենարար
Ոստ առ ոստ – ճիւղ առ ճիւղ ոսկեքանդակ ծառ
Հաւատք – յոյս ու սէր ներշնչող Աղթամար
Տրտմանոյշ երգերով – տաղերով գոհար
Սէրը հաճախ անհասանելի կատար
Սիրահարներու ձայներուն բոցավառ
Դուն անմեղ արձագանգն ես Աղթամար
Հովեր կը փչեն լեռներեն ամպածրար
Վանայ ծովուն վրայ նաւ ես Աղթամար
Առագաստներդ պարզած հովերուն յար
Պատմութեան խելառ հովերուն Աղթամար
Մենք անապատներու մէջ սարսափահար
Մենք անապատներու մէջ արեւահար
Անձրեւ եղար դուն – տեղացիր Աղթամար
Կամ շիթ մը արցունք դարձար մեզի համար
Ծառերը համախմբող սիրոյ անտառ
Բոլոր սիրտերը միացնող քնար
Կապ եղար – կամուրջ եղար – կամար եղար
Դուն սիրոյ փարոս ով անմահ Աղթամար
Հռչակապանծ գլուխ գործոց Սուրբ Խաչ տաճար
Մեծ ճարտարապետ Մանուէլ քար առ քար
Ամրօրէն կերտեց քեզ – երկնեց տիրաբար
Սրբալոյս կանթեղ մին ես արեւափառ
Տասնըեւմէկ դար առաջ դուն օծուեցար
Քանդակներու ծածան Սուրբ Խաչ տաճար
Քուլայ – քուլայ կը բուրես որպէս բուրվառ
Հիասքանչ կառոյց մըն ես երկնակատար
Սրբատաշ քարերով վարպետներ պատշար
Սրբութեան եւ գեղեցկութեան սիրահար
Ստեղծեցին քեզ ով մեծասքանչ տաճար
Նկարչագեղ հրաշք մըն ես Աղթամար
Սիրտերուն մէջ սերունդներու անհամար
Սրբալոյս յիշատակ մըն ես Աղթամար
Զուարթ ճաճանչներուն մէջ արծաթավառ
Դարերու դեմ կանգնած շողա՛ Աղթամար
Քեզ պանծացուցին երգերեն անհամար
Միաշունչ – սիրագորով - հայաբարբառ
Լար առ լար – տառ առ տառ – տօն ու տաղաւար
Դուն անթիւ սերունդներու մաս ու նշխար
Հրաշագեղ պատմութիւն մըն ես ոսկետառ
Գրիչները քեզ հիւսեցին բառ առ բառ
Դիւթազներգութեան մը նման դարէ դար
Մաքրափայլ ժառանգ մըն ես դուն Աղթամար
Երկնակամարներու աստղերով ստուար
Երազային պաստառ ես աստղանկար
Ժայռերու վրայ թառած լուսակամար
Վերացումի աղբերակն Աղթամար
Դուն վեհ լեռնագագաթներով ալեփառ
Դուն գոյն – գոյն բուրաստաններով շարայար
Սիրոյ արեգակներով յաւերժավառ
Անթառամ եղանակ մըն ես Աղթամար
Մշուշին մէջ հին անձրեւ մը կը տեղար
Նարեկացին կ'արձագանգէր սարէ սար
Պաղատագիր կ'աղօթէր ան ու կ'ողբար
Հորիզոնին վրայ Աղթամար մը կը ծփար։
Photo representing a detail of David and Goliath from the restored
Armenian Cathedral of the Holy Cross, Lake Van, August 2007.
1 comment:
Հրաշալի, երկարաշունչ բանաստեղծութիւն մը յարգելի տոքթոր:
Քանի կը կարդամ ալ աւելի կը սիրահարուիմ ու բանաստեղծութեան մեզ զգացնել ուզած զգացումները ալ աւելի կը զգամ սրտիս խորքերը:
Շնորհակալութիւն
Օշին էլակէօզ
Post a Comment