Երեկոյեան եօթը:
Մարդիկ կը շարժին դէպի տուն.
Գաւաթները սպիտակ ափսէներուն պիտի շարեն.
Տիեզերքի շունչը զիկ զակներու պէս կը զառնուի թելերուս
Ըսելիք չունեցողները կը փռեն լուացքները սեւ պատշգամբներէն:
....
Նեցուկ ունեցողները կը տպեն գիրքեր.
Ու չալըմով նկարուած`
Կարմիր րուժէ նկարներ կը ցուցադրեն գիրքի շապիկին:
Ես բանաստեղծութիւն կը փնտռեմ,
Տանս մէջ նստած, մասիվի միֆը կ'երազեմ
Կ՛ըսեն լեզուդ բիս աղտոտ ժարկոն է
Կ՛ըսեն լեզուդ հոյակապ է ...
Կ՛ըսեն մատներդ ճկուն են ստեղնանշարին վրայ...
Կռնակս կը ցաւի սպասելով
Որ ֆէյսպուքի արարիչները
Իրենց աստղերէն զիջին ու բառ մը նետեն .
Ինչ իմաստ ունին անունները երբ փողոցները դատարկ են...
Ինչ իմաստ ունի վոտքայի փոքրիկ սրուակը նետուած ճերմակ թոյոթայիդետին....
.....
Գեղեցիկ է նայիլ փետրուարեան ամպերուն,
Ու հատել կամուրջները յաղթողի նման.
Շքեղ է երբ չկան ժամադրութիւններ այլեւս...
Կամացուկ մը արձակի տարիքը կը հասնի
Աստիճաններէն վեր կ՛ելլեմ
Ամէն ինչ պարզ է այլեւս...
Զարմանալու ատեները անցան,
Հեռացաւ ամէն ինչ,
Զարմանքը վիրաւոր աղաւնիի պէս կ՛իյնայ աչքերուս առջեւ...
Մնացողը ես եմ...
Երկրի աստվածները չեն զարմացներ զիս.
Երկրի թալանը,
Բռնաբարուած սուրբերը
Եւ տօնական ստուերները սուտ են.
Երկու աչքեր կը հանդիպին թէլէֆոնի ընկալուչին վրայ.
Հայերէն չխօսողներու վերջին մուրհակը կը փակեմ.
Կը փակեն երազս
Կը փակեն պատուհաններս
Վիրաւոր մը կը տանին իր վախճանին
Մեռեալ մը կը տանին տուն....
....
Ո՞ւր է իմ տունս
Ո՞ւր են տան ծորակները որ խոստացար նորոգել այս տարի,
Ո՞ւր է ֆոնէթիք լապթոփիս զարմացած հայերէնը.
Ո՞ւր է պղնձեայ բաժակով օղին,
Ու մատակարարող աղջիկը դեղնորակ
Ո՞ւր է .....
Ամէն բան կ՛իյնայ աչքերուս
Հոգս չէ թէ քերթուածը ինչքանով պիտի հատէ սահմանը անսահմանին....
Բառախաղ չեմ ըներ ես
Սուրճս նոր խմեցի,
Լեզուս դուրս կը հանեմ,
Ըսելու համար որ տեսէք սուրճին հետքը.
Հաշիւ չունիմ ձեր հետ,
Խնդիր չունիմ ,
Քանի-քանի կիներ կայրին երակներուս մէջ...
Փիսիկները ուր որ են գան պիտի,
Ամէն ինչ լաւ է, խաղաղ է ամէն ինչ.
Բոլորս տուն պիտ երթանք
Հզօր է վոտքան առանց անուններու
Ջուր մի խառնէք անոր արիւնին
Հաւատքը
Արիւնը եւ գինին չեն զարմացներ զիս
Օվըրսիզ կ՛ըսպասեմ
Օվըրսիզ զանգիդ կ՛ըսպասեմ...
Ֆալ-բանալ չեմ գիտեր
Սանկ տոտիկ-տոտիկ կ՛արթթնամ
Կինս ու երեխաներս անկողնիս մէջ
Ես մեղքերս կ՛ածիլեմ հայելիին առջեւ
Փետրուարը գէշ է...
Փետրուարը ծերացած փիսիկ է
Անուն չունիմ անոր համար...
Մեռայ այս քաղաքին մէջ մէկը փնտռելով
....խօսելու համար:
Հոնի արաղը սեղանիս է.
Վոտքան ընտիր ու ձիւնը յաւերաժական:
...
Ես չեմ զարմանար յաւերժութեան համար
Երբ ամէն անգամ րոպէ կը բանաս սաղմիդ մէջ տեղաւորելու զիս...
Սաղմիդ մէջ պահելու համար երիցուկս եւ անտառս անյիշատակ...
Պարտէզէն է որ կը վազեմ
Ու ամայի բերաններէն,
Գողնալու կատարելութիւնս....
Չեմ զարմանար
Յաւերժութեանս վրայ....
Չեմ զարմանար,
Որ լուացքի թելերուն վրայ փռած եմ վէրքերս որ չորնան...
Սա ձմրան դուռդ բաց...
Դուրս չմնամ:
Հակառակ անոր որ պիտի չզարմանամ երբ անցնիմ քեզմէ ու կաթիլ մըխենթութիւն տեղաւորեմ ամայութեան մէջ
Որով,
Սկիզբէն էի ես
Սկիզբէն էի ես որ գիտէի ինչ ըսել է ծունկի գալել մինչ հատնին բառերս եւանտառդ աւարտի ինձմով...
Ու ալ պոռաս երեսիս դուրս ե՛լ
Դուրս ե՛լ......
Դուրս ե՛լ,
Տես եկու բերաններ կը խօսին յաւերժութեան մասին.
Ու ինչ փոյթ այս մարմինը, այս դրամը, այս տունը....
Ինչ փոյթ այս ամէն երբ չես հաւատար յաւերժութեան կափարիչներուն
Որոնց բացուիլը կը դիտես....
Չես հաւատար այդ հասակին որ կը բնակի քեզմով...
Այս անքնութեան, այս ժամանակին ու խեչափառներուն որ կը խայթեն մեզ...
Ես չեղայ հոս...
Չեղայ որ հաւատան քեզի,
Չեղայ որ երդում տան անունովդ....
Ու կարեւոր չէ այս ամէն ինչը,
Երբ գիտեմ որ գիրը ունի մէկ հասցէ,
Երբ գիտեմ որ սիրտս ուժանակ է քեզի համար,
Լարուած ուժանակ,
Որ պիտի պայթի օր մը
Աշխարհի բոլոր վարդերը հոն մորթէ դուն...
Ճանապարհը կը տանի մէկ տեղ
Ճանապարհը պիտի տանի քեզ սագօ արեանի սրտին
Որ լոգանքէն ետք բազկաթոռին նստած պիտի խնդայ աշխարհի բոլոր ծաղածռութիւններուն վրայ....
Ի՜նչ կ՛ըլլաս շապիկներս լաւ արդուկէ այս գարնան
Արձակը կուգայ
Շուտ ըրէ... այլեւս բանաստեղծութիւն պիտի չմուրամ
Քառասունի ոտնաձայնները կ՛առնեմ:
..............................................................................
Ու սէրը միայն մէկ հասցէ ունի ,
Ասսաֆ խուրի թիւ ութսուն ինը,
Միայն մէկ հասցէ`
Սագօ Արեան.....
Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է ԵՐԿԻՐ թերթին մէջ Փետրուար 11, 2011