Լեւոն-Զաւէն Սիւրմէլեան: ՓԱՓԱՔ
Կ'ուզեմ որ ըլլա՜մ ցորենի արտին
Ծաղիկը կարմիր՝ գաւաթ արեւին,
Հասկերու բաշին մէջ պահուած ճըպուռ՝
Խըմե՜մ կէսօրուան լոյսը լիաբուռ:
Ըլլա՜մ գիւղի հին կամուրջ մը փայտէ...
Մամռապատ աղբիւր մ' որ հազիւ կ'երգէ.
Գեղջուկին կաւէ ամանը բարի՝
Որ քաղքի ծարաւն ալ մէջըս մարի...
Ըլլա՜մ կուրծքի զարդն աղջըկան բոպիկ,
Բակի տղէկ մը՝ նայո՜ղ հանդարտիկ,
Փուշի մը ներքեւ խոնարհիմ ու լամ՝
Որ քիչ մը գոնէ իմ ցաւըս մոռնամ...
No comments:
Post a Comment