Wednesday, April 16, 2025

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ: Հաշտութիւն

Կ՛անցնին օրե՜րը,

Ժամանակները կը փոխուին,

Իսկ մենք, սիրելի՛ս,

Կը սորվինք համակերպիլ:


Կլիման կը փոխուի, կը հաշտուի՛նք,

Կը կեղեքեն մեզ, լո՜ւռ կը համակերպինք,

Տագնապ ու վիշտ կը կրծեն, կը յօշոտեն մեզ,

Կ՛ընդունինք որպէս մեզի վիճակուած

Անհեթեթ խաղը մեր չար բախտին,

Ժամանակի` մեր դէմ ունեցած

Հակակրանքն ու վրէժը պարզապէս.

Վարժուեցա՜նք ակամայ, կուլ տալ

Մեր օրերուն ձախորդութիւնները բոլոր,

Մեղքի բաժինը ընծայել ուրիշին:


Օրերը կ՛անցնին, կեանքեր կը հիւծին,

Ուրախ պահերը կը դառնան ժլատ ու սակաւ,

Կը համակերպինք ցաւին,

Կորուստին,

Յուսախաբութեանց նա՛եւ,

Հարցադրումն ու բողոքն անգամ մեղք սեպելով`

Կ՛որսանք րոպէները երջանիկ,

Կը շիջինք օրէ օր, կը սուզուինք հոսանքին մէջ,

Հլու, հիասթափ ու հաշտ:


Մեր վիպերգութիւնը գրեցին ուրիշներ հզօր,

Ծնան հերոսներ կեղծ ու երգեր այլանդակ,

Մեր երգը կորսուեցաւ եթերին մէջ անյիշաչար:


Ու եթէ հարց տան մեր մասին, ըսէ՛ք,-

Մեր անունն էր համակերպութիւն,

Մեր կեանքի խորագիրն էր հիասթափութիւն,

Իսկ մեր կտակն էր հաշտութիւն.


Մենք վճարեցի՛նք մեր ժամանակի մուրհակները բոլոր:


 Օգոստոս 27, 2021, «Ազդակ» Գրական


No comments: