Thursday, April 24, 2025

ՆԱԶԵՆԻ ՏԷՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ: ՄԵՐ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ

Դուք ձեր մահուամբ յագեցուցիք ազատութեան
Ծարաւը մեր, ծաղկեցուցի՛ք գիւղ ու աւան ,
Հըրաշք հագուած Հայաստանին, տուիք մէկ նոր
Հեքիաթային ու լուսասփիւռ պատկեր մ ՛աղուոր:

Եւ շառաչող ջրվէժներու վազքովն ուժգին
Յաւերժաձայն մեր մէջ, հոսուն , նըւիրումին
Տուրքը կ՛ուզեք , աստուածօրէն կը պարտադրէք
Լեցուիլ ձեզմով, յաւե՜տ յիշել. խաղաղեցէ՜ք .

Նահատակներ յաւերժին մէջ Հայերդ բոլոր
Շաչող սուրի երգ մը թողիք, ձա՜յն դարաւոր ,
Ու սըրբացաք ձեր մարտական յիշատակով
Եւ տեղ գըտաք Վարդաններու անունին քով ։

Եղաք նո՛ր փառք, եղա՛ք պատիւ նոր պատմութեան
Եւ աժտահան խորքին պոռթկող կարմիր արեան,
Սլացք տուիք մեր առնական թափին, կամքին,
Վարդի փոխան փուշն հագուելով հայրենիքին:

* * *

Բայց երդմնադիր որոշումով անմահ եղբարք
Դարձաք հերոս, դարձաք արեւ անմար կըրակ ։
Ոտքի՛ Հայեր , խոնարհեցեք յիշատակին
Առջեւ հզօր եւ ուստեցեք դուք սըրտագին
Անոնց նըման կանքով կեանք տալ Հայաստանին։


«Արէւ», Գահիրէ, Ապրիլ 24, 1961

No comments: