Դանիէլ Վարուժան։ Մենաւոր
Երկընքին տակ, ադամանդի նըման ցուրտ,
Ուղեկորոյս հովը կ’անցնի մայելով:
Վըճիտ լոյսերն աստղերուն
Արիւն կու լան սառոյցին վրայ լճակին:
Հոգիս կառչած մըտածուﬕ մը յամառ`
Կը սպասէ գոց պատուհանին ետև լուռ…
Չեկա՜ւ. – «Եւ ա՛լ պիտի չըգամ», – ըսաւ ան.
Որբ շեﬕս վրայ մըխիթարիչ քայլն անոր
Պիտի բընաւ չըծաղկի.
Յիշատակի մը մէջ յանկարծ կը փըղձկի
Սիրտըս տըրտում… Կը փըղձկի՜…
Ըզգացուﬓերն այսպէս կու լան մութին մէջ,
Քաղցըր, տըրտում, անյագո՜ւրթ.
Եւ կը խըﬔն շրթունքներս
Արտասուքներս հոսանուտ:
Ո՜հ, ի՛նչ ցուրտ է հոս, Տէ՛ր իմ.
Հանգեր է կայծը վերջին
Կրակարանիս մէջը քաﬕ՜ն կ’ողբերգէ:
Կը զգամ եղեամն այս թողլըքուած խուցին մէջ,
Որ մազերուս վըրայ սեւ
Ձիւնասպիտակ ծաղիկներն իր կը բանայ.
Բոլոր աստղերն, երկինքէն վար սառնաշիթ,
Օրհասական իւղն օծման
Ճակատիս վրայ կը հեղուն:
Կահերուն տակ թաքթաքուր
Ամէն վայրկեան մութն աւելի կը բարդի,
Կը տարածէ անկողինիս վրայ արդէն
Դամբանական ծաղկոյթը իր սեւաշղարշ:
Ո՛հ, չեմ ուզեր, ես չեմ ուզեր այս ժամուն
Լամբարիս լոյսը մատնիչ.
Վարագոյրիս ժանեակներէն կաթկըթող
Լուսընկան բա՛ւ է ինծի:
Մարդիկներուն շըռայլօրէն տալէ վերջ
Աւիւն և սէր, ծաղիկներն իմ էութեան,
Գըտնել զանոնք ﬕշտ ծանծաղ,
Գըտնել Աստուած ﬕշտ ըսփինքս
Ոչնչութիւնը պըճնող,
Եւ հեռացուիլ այն սիրելի էակէն`
Որուն թարթափը կոպերուն կը բաւեր
Արծարծելու համար կրակներն արիւնիս,
Միսիս ճենճերն, սըրտիս բուրվառն հոտեւան,
Հիմա, աւա՜ղ, ի՞նչ կը մընայ ալ ինծի.
Մոխի՜ր, մոխի՜ր, և աւերա՜կ. և նոյն իսկ
Խորունկ սոսկում մ’իմ իսկ անձիս նայելու:
Ո՜հ, չեմ ուզեր, ես չեմ ուզեր այս ժամուն
Լամբարիս լոյսը մատնիչ:
Երբ ա՛լ դատարկ է հոգին
Ահաւոր է տեսնել յատակը անոր:
Փլատակներուս կանգուն մնացած կատարին
Լուսնին ոսկի ծեփող մէկ շողը բա՛ւ է:
Ես չե՜մ ուզեր լամբարիս լոյսը մատնիչ.
բայց լուսինն ալ, աւա՜ղ, լուսինն ալ ահա
Հո՛ն, դըրացի երդին ետև ծածկուեցաւ:
Հովը կու լայ, կը կաղկանձէ, կը թըռչի:
Կրակարանիս մէջ պաղեր է մոխիրն իսկ:
Հովը կ’ոռնայ… հովը բացաւ ﬔղմօրէն
Պատուհանիս փեղկը հին:
Օ՜հ, ո՜վ Տէր իմ, ո՜վ Տէր իմ,
Չայցելուած այս սենեակը ո՜րքան ցուրտ է.
Արցունք մ’ահա մարգարտի պէս սառեցաւ
Ծայրին վըրայ թարթիչիս,
Եւ սիրտըս դեռ տըրտո՜ւմ տրտո՜ւմ կը փըղձկի:
Հեթանոս Երգեր