The Mary Elinore Smith Poetry Prize - 1993
ԹԱՐԳՄԱՆԱԿԱՆ...
Ա.
Երկլեզու էի ծնած, սակայն...
Հայոց լեզուն
դարձաւ մանկութեանս մեղեդին
մեղրաթոյր համը
այն բոլորին՝ ներքեւն յարկին հայրական։
Իմ կորուսեալ գանձն է ան,
կիսուած եւ առուտրուած
երազ՝ որ կուգայ բանդագուշել
անգլերէն լեզուի երազանքը։
Դարերու արձագանգն է ան,
հսկաներու շուքը հնամեայ,
որուն կը կառչինք – ընծայ՝
որ անտեսեալ կþանհետանայ։
Բ.
Հնամեայ բառեր
Յաճախ, անգլերէն լեզուի
ծփացող, ձգտուն հինգ բառ է պէտք
բացատրելու մէ՛կ հին, կաշենման բառ։
Ծանր բառեր հնամեայ կը մնան պսպղուն,
դարեր անընդհատ արեւու տակ՝
նման փխրուն քարերու։
Եւ հայ բառերը, նման հին մաշած լումաներու,
մանրուած են ու փոխանակուած,
ստանալով մեղմանուշ ցոլք մը -- աննման՝
ի բաց առեալ անձրեւակոծ, հին վանքերէ։
Անոնց իմաստները, այժմ ապաժամ,
նուրբ են, կիսաթագուն ու միապաղաղ։
Առէ՛ք «արդարութիւն» բառն անկատար
իր հեգնաբոյր շեշտաւորմամբ։
Գ.
Սովորոյթ
Բառերը զուրկ չե՛ն կեանքէ։
Տուներու մէջ կþապրին .
հասակ կþառնեն ու կը սնուցուին։
Հայաստանի մէջ տատա չի նշանակեր
«հայր», այլ՝ մեծմայր –
երկրորդ տիպարը հոգատար՝
կանգուն մանկան գլխուն։
Դ.
Բառերը շունչէ են ծնած
Շնչափող, շրթունք ու լեզու,
տպագրութիւն ու թուղթ այլեւ ծածուկ նշաններ
թէ ինչն է որ երգ է դառնալու։
Ըստ Արաբներուն, ամէն մէկ նոր լեզու
յաւելեալ հոգի մը կուտայ ուսանողին։
Ըստ Իրլանտացիներուն, Կելտերէ՛ն լռութիւնը
կարելի չէ վերաձուլել կամ վերապատմել։
Իտալացիք կը ծիծաղին երբ կþըսուի թէ
ե՛րգն է մարտահրաւէրը, երբ արուեստն ի՛սկ է յուզիչ երգը։
Ըստ հայերուն, իրենց լեզուն
կը թարգմանուի հետեւելով միայն սրտի՛ զարկերուն։
...............................................Դիանա Տէր Յովհաննէսեան
Թարգմանեց՝ Թաթուլ Սոնենց