Sunday, June 17, 2012

Տիրան Չրաքեան։ ԳԻՇԵՐ



Գիշեր է. երկինքը կը փայլփըլի
Անդո՜րր ահագին, ու պատկառելի.
Նըշոյլներն անգամ ա՛յնքան, վիհերէն երկնային
Կը ժըպտին հաճոյքէ, հացումէ կու լան:

Իբրե՛ւ թէ բոլորն ալ իմանային
Անցնող հծծիւն մը յաւիտենական՝
Վերէն՝ հեռուէն, անհուն խորհուրդէն.
Սարսռալէ՝ կարծես թէ կը վերանան,
Իմաստութենէ կարծես կ’աղօթեն:

Աշխարհքը լուռ է. տանս մէջ խաւարին՝
Յետին ճրագներն ահա կը մարին.
Սեւ տանիքներու տակ մեղաւորներ
Կը քնանան հիմա իրենց քունը հէգ:

Ո՛չ մէկ սուրբ երազ զիրենք դէպ ի վեր
Մեծ խաղաղութեան կ’ամբառնայ երբէք
Հոն քաղաքն ամբողջ սեւ կոյտ մ’է թշուառ
Նիրհող կիրքերու. վերն ամենուրեք՝
Լուռ անբըծութեանց օրհներգ խանդավառ:




Տիրան Չրաքեան (Ինտրա)

No comments: