Friday, March 15, 2013

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ՔԱԼԻՍԹՕ ԿՈՒԱԹԷԼԼԻ


ՔԱԼԻՍԹՕ ԿՈՒԱԹԷԼԼԻ
1818-1900

Խոտերու օրօրին մէջ անվերջանալի
Մարմարեայ պարզ խաչի մը տակ հազիւ տեսանելի
Կը ննջէ հիմա Քալիսթօ Կուաթէլլի

Խաչին վրայ ոչ բառ մը պակաս – ոչ բառ մը աւելի
Միայն «Քալիսթօ Կուաթէլլի»

Անոնք որ կը յիշեն թէ ով է ան
Չեմ յուսար որ գիտնան
Թէ ուր թաղուած է ան

Իսկ անոնք որ չեն լսած իր մասին
Արդէն անտարբեր են իր շիրմին

Խաչին վրայ ոչ ածական մը – ոչ տիտղոս մը աւելի
Լոկ «Քալիսթօ Կուաթէլլի»

Քիչ անդին կը հոսի
Կը հոսի աղմկալի
Հսկայ քաղաքի
Երթեւեկն ահռելի

Մինչ հոս խոտերու օրօրին մէջ անվերջանալի
Խաչի մը տակ հազիւ տեսանելի
Կը հանգչի հիմա Քալիսթօ Կուաթէլլի


8 Մարտ 2013

No comments: