անահիտ սարգիսեան։ Պատը
անցեալին
պատերը ականջ ունին`
կ’ըսէին,
աչքով յօնքով
գրեթէ անձայն
կը խօսէինք…
ներկայիս
ոտքով ձեռքով
կը խօսինք բարձրաձայն
անականջ պատերուն …
Դեկտեմբեր 7, 2015
աշխարհին ծայրն ես`
կ’ըսեմ.
կողքի սենեակն եմ,
պատին զարկ
կը լսեմ`
կը պատասխանէ…
ու այսպէս
պատ մը
եւ ուրիշ պատ մը
պատեր
պատերու ետեւ`
սիրելիներ,
իսկ ես
հազար ու մէկ սիրելիներով
պատերու միջեւ…
անահիտ սարգիսեան
Փարիզ, Դեկտեմբեր 9, 2015
Ծանօթ.- Այս քերթուածին տէրը կ’ուզէ որ իր անունը այսպէս ամբողջովին պարզ տառերով գրուի:
No comments:
Post a Comment