Thursday, December 17, 2015

ԾՈՎՒԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ: ԾԱՌՍ

Աշխարհը ծառերը զարդարեց։
Ծառս ու ես զիրար կը փնտռենք.

Տէն Հաակի շուկաներուն մէջ,
շուարած ոտքերով, խելառ, մոլոր աչքերով, ծառս կը փնտռեմ։

Ահա՛ այս է… գտայ…, մօտենալով դպայ իրեն, 
գլուխը վեր առնելով, հեգնանքով չափչփեց զիս. 
սխալաձ եմ, այս չէ, հեռացայ.
հեռուէն տեսայ աւելի համեստ ծառ մը, որ զիս կը կանչէր. նիհար, պզտիկ, խեղճ.
մօտեցայ, ակնարկ մը նետելով հեռացայ, ներէ ինծի, երբեք յարմար չես հայու նկարագրին։ 

Սկսայ երեւակայել ձառս։ 
Հաստարմատ, բարձրացօղուն, բազմաճիւղ, հպարտ, արի, մեղմ նայուածքով,
հոտաւէտ, դարերէ ի վեր չսասանող, հուժկու, խիզախ ծառս ո՞ւր ես։
Օտար հողի վրայ, անարմատ, անտէր, լացող, գաղթական, հօրենական, հայրենի ծառս կը փնտռեմ։
Տէն-Հաակ
Լոյս տեսած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ, 17 Դեկտ , 2015

No comments: