Անուշ Գրիգորեան։ ՍԻՐՏ ՄԻՏՔ ՈԻ ՀՈԳԻ
Ո՞րն է արդեոք
Մեր այս կեանքը
Ղեկավարող։
Եւ մեր ճամբան
Լուսաւորող։
Սի՞րտն է արդեօք,
Որ կը տրոփէ
Մեր կրծքի տակ.
Արդեօք հոգի՞ն է
Անյատակ։
Թէ՜ միտքը մեր
Մեզ ճանապարհ,
Լուսաւորող
Լուսաճրագ։
Ու չը գիտեմ
Ես ո՞ր մէկին
Ապաւինիմ։
Սրտի՞ս, մտքի՞ս
Թէ թեւաւոր
Իմ հոգիի՞ս։
Անուշ Գրիգորեան, Վերջին Շողեր, Արտաշէս Հրատարակչատուն, 1992
No comments:
Post a Comment