Անուշ Գրիգորեան։ ՔԱՆԻ ԴԵՌ ԿԱՅ
Քանի դեռ կայ
Այս աշխարհի
Սրտի վրայ,
Այս հողածին,
Անմիտ մարդու
Սեւ գործերով
Սրատում ու
Խոշտանգում։
Արիւն, աւեր,
Խաչելութիւն,
Անիրաւութիւն,
Անարդարութիւն,
Մարդու հոգիի
Մէջ անթեղուած
Սեւ ժանգ ու թոյն։
Այս աշխարհի
Սրտի վրայ,
Երբէք պիտի չըլլայ,
Ո՛չ բարութիւն,
Ոչ արդարութիւն,
Եւ ոչ ալ իսկ
Ազատութիւն։
Անուշ Գրիգորեան, Վերջին Շողեր, Արտաշէս Հրատարակչատուն, 1992
No comments:
Post a Comment