Friday, July 15, 2016

Նիկողոս Սարաֆեան:ԱՐԵՒ-ԱՆՁՐԵՒ

Անձրեւ-հովէն ուռած ուռկան։
Ծառերն ահա կը սարսըռան։
Փարիզ, Փարիզ. ծով անյատակ։
Կը կծկըտիմ բանտի նըման
Դուռի մը մութ կամարին տակ։

Բարի արեւ Օգոստոսի,
Ե՞րբ պիտի գաս ազատել զիս։
Ցեխոտ արցունք մը կը հոսի
Ոսկորի գոյն պաղ պատերէն,
Որ դարերու մահ կը բուրեն։

Ձուկերու պէս հալածական՝
Քարեր, ջուրեր կը դողդըղան
Բակին մէջ՝ ուր կին մուրացկան
Մը սիրային երգեր կ’երգէ,
Բռնած նիհար տըղուն ձեռքէն։

Բայց կը հեգնէ ձայն մը տարբեր
Ամէն երազ ու ամէն սէր,
Ե՛ւ քեզ, անձրեւ, որ շատըրուան
Փրփըրացայտ եղար, եւ մերթ՝
Քընար՝ սրտիս պատանեկան։

Սրճարաններ, լոյսեր շարժուն,
Այրող նըւագն անիւներուն,
Հաշիշի ծուխ, մշշոտ աշուն…
Կարօտներ հին կը խուժեն, մինչ
Կը զգամ դիւթանքն իրենց քանդիչ։

Ու կը դողամ ես ցրտակէզ։
Պահն է դարու մ’աքսոր կարծես։
Թախծոտ յուշեր զիս կը դաւեն։
Բարի՛ արեւ, ե՞րբ կը փրկես
Զիս՝ սողացող այս անձրեւէն։


No comments: