Saturday, July 16, 2016

Նիկողոս Սարաֆեան: ԽԱՂԱՂԱԿԱՆ ՈՎԿԻԱՆՈՍ

Կէս դար յետոյ, երբ գացի հոն՝ ուր ապրած էինք մենք,
Տուն չկար՝ տեղն էր պարապ։ Չէի ճանչնար հողը մեր։
Փողոցն՝ որ մեծ եմ տեսած, փոքր էր։ Աչքերս են խաբեր։
Տեսայ՝ ինէ դուրս չկար յիշածս, անցեալ շէն կեանք, շէնք։
Կը չըքանայ մենէ վերջ այն՝ ինչ որ մենք կը յիշենք։

Մեր հողն էր փակ։ Ես՝ օտար։ Կ’ուզէի՝ մայրս երեւար։
Կ’երեւար։ Ջինջ իրիկուան լոյսն իսկոյն զայն կը ջնջէր։
Միտքս էր ջնջեր իր մէջ՝ հին մըտածումներ եւ տենչեր։
Նըւազեր էր աճելով հաւատքով կամ դառնաբար։
Մահը կէսէ աւելին առած՝ ըրած էր խաւար։

Եւ մինչ պարապն էր առջիս, ես՝ կողոպտեալ, ոտքէս վեր
Կը չափէր մէկն. «Ի՞նչ կ’ուզէ այս դրսեցին…»։ Քալեցի։
Ո՞ւր… Հողն էր լուռ, հոգը չէր։ Քաղաքս օտար էր ինծի։
Մեծցած, փոխուած եւ ճանչցածս սպասածէս վեր, տարբեր։
Կ’անջատուէի անցեալէն եւ ան ինէ կ’անջատուէր։

Մոլոր էի եւ տեսայ՝ զուր է կառչիլ յիշուածին [1]


ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆ հատորէն

ՅԳ
« Խաղաղական Ովկիանոս ». - Հատուած է (իբր կարգաթիւ 2 թւանշանը կրող), լոյս տեսած « Դրազարկ » տարեգիրքին մէջ, 1968ին: Ծանօթագրութիւն մը, էջատակին, կը ճշդէ « Գլուխ մը ` « Մեկնում » գործէն »:





No comments: