Thursday, July 07, 2016

Միսաք Մեծարենց։ ՀԻՒՂԸ

Դաշտի ճամբու մը վըրան,
Կամ ստորոտը լերան,
Ուղեւորին ժամանման
Ըսպասող հիւղն ըլլայի:
Ու գգուանքիս կանչէի
Ես ճամբորդներն անժաման,
Ու ճամբուն վրայ մենաւոր,
Ու ճամբուն վրայ ոսկեման,
Եկուորներուն դիմաւոր՝
Ծխանիս ծուխն ամպէի:

Ու գրգանքիս կանչէի
Ուղեւորներ պարտասուն,
Ու բարեւի մը փոխան՝
Հազար բարիք ես տայի:
Հազար բարիք ես տայի,
Գոլը կրակին ճարճատուն,
Կութքը բերրի դաշտերուն,
Բոլոր միրգերն աշունի
Ու մեղր, ու կաթ, ու գինի…

Ու լըսէի ես ցայգուն,
Քովը կրակին ճարճատուն,
Երգն իրիկուան եկուորին.
Ու ջամբէի ես ցայգուն
Երազներով պատարուն
Նինջ՝ իրիկուան եկուորին:
Ու լըսէի ես այգուն,
Սրտապատար ու տրոփուն
Գովքն իրիկուան եկուորին.

Ու ձըմեռներն ալ համբուն,
Հըրաւիրակ զըւարթուն,
Կանգնէի քովը ճամբուն
Ու ձիւնապատ հէք մարդուն
Ես հայրօրէն, լայնաբաց
Երկու թեւըս պարզէի.
Մի՜շտ քաղցրագին, նիւթացած
Հըրաւէ՜րն ես ըլլայի:

Ա՜հ, ըլլայի՜, ըլլայի՜,
Դաշտի ճամբու մը վըրան,
Կամ ըստորոտը լերան,
Ուղեւորին ժամանման
Ըսպասող հի՛ւղն ըլլայի:



No comments: