Tuesday, July 19, 2016

Դանիէլ Վարուժան։ ԱՆՑՆՈՂ ՏԱՐԻՆ

Պառաւցած է: Ձիւն գիսակներ` ծոծրակին
Խոր ակօսները կը սքողեն, եւ բերանն
Ակռայ չը կայ. միսերը չոր, ցըրտագին,
Կը դողան:

Ան կը փախչի մերկ ծառերուն խորերէն. 
Կըքած, մախաղ մ’ունի ուսին. իր աչքեր` 
Աղօտ լոյսով` ձանձրոյթ, խոնջանք կը փայլեն 
Տարուբեր… 

Միշտ կը փախչի մախաղովն, ուր իղձեր կան, 
Մոխիր յոյսեր, անբախտներու վաղամեռ 
Հառաչանքներն ու ինքնախաբ մարդկութեան 
Երազներ: 

Ժամանակի մ’հեղեղին մէջ, հէ՛գ պառաւ, 
Պատրանքներով իր քամակն ա՛լ ծըռած է: 
Կ’երթայ մեռնիլ հանգըստութեան մեծ անձկաւ: 
Անդա՜րձ է… 

Մըթընշաղին մէջ մարդիկներ, վայրապա՜ր, 
Ապշօրէն, լուռ կ’նային անոր ետեւէն, 
Եւ գոչելով թախանձագին. -Վայրկեան մ’ալ. - 
Կ’աղաչեն: 

Բայց ուղեւորն լերան ետեւ ա՛լ լըռին 
Կը կորսըւի. եւ կը դառնան մարդիկներ 
Նոր եռանդով մը կ’ընդգըրկեն Նոր տարին, 

Անտարբեր… 


(Փուշի Ակօսներ տետր, Վենետիկ 1902-1905)

No comments: