Showing posts with label Syria. Show all posts
Showing posts with label Syria. Show all posts

Wednesday, March 02, 2011

Սարգիս Ք. Խաչերեան: հպում



բառը
հպաւ
քարին
ու
ես
դ
   ա
        ր
     ձ
  ա
յ
բանաստեղծ







Սարգիս Ք. Խաչերեան
«ԵՐԳԵՐ ՈՍԿԵԼԱՐ ՔՆԱՐԻՍ»   անտիպ 

Tuesday, March 01, 2011

Սարգիս Ք. Խաչերեան



Ծնած է Հալէպ 1974-ին։

Շրջանաւարտ Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Վարժարանէն։
Աշխատակցած է «Գանձասար»,«Շիրակ»,«Կամար» ու «ԵՐԹ» տարեգիրքին։
Մաս կը կազմէ Սուրիահայ Գրողներու Համախմբումին։
Հեղինակ «ԼՈՅՍՆ Ի ՎԵՐ» բանաստեղծութեան հատորեակին տպուած 2006։



Հայ Բանաստեղծութեան Համացանցը այս շաբաթ կը ներկայացնէ մի քանի կտորներ Սարգիս Ք. Խաչերեան-ի անտիպ «ԵՐԳԵՐ ՈՍԿԵԼԱՐ ՔՆԱՐԻՍ»   հաւագածոյէն։

Սարգիս Ք. Խաչերեան: մուտք



ինչպէ՞ս սանցել
բառը յ ա  ն   դ    ո     ւ      գ       ն
երբ մուտք գործէ
էջին խաթարուած տրամադրութենէն ներս

այստեղ բանաստեղծ ըլլալը
ոչ մէկ նշանակութիւն ունի





Սարգիս Ք. Խաչերեան
«ԵՐԳԵՐ ՈՍԿԵԼԱՐ ՔՆԱՐԻՍ»   անտիպ 

Saturday, February 12, 2011

Մարուշ Երամեան: ԲԻՒՐԵՂ [Բ.]

Ծանր ու թանձր կախուեցաւ դանդաղ


մութը լեռներէն
սեւ մշուշի պէս թափանցեց չորս կողմ
եւ հովին փողը սգահար ոռնաց
ողբաց հեռուէն շարժող մօտեցող
ճակատագիրը


Լռութիւն եղաւ


կամաց արթնցան ապրումներ աղօտ
եւ արթնցուցին լոյսէ խտիղով
ծայրամասերը յոյզերու հեռու
հրուած մոռցուած ուրացուած հեռու


եւ փսփսացին բառեր քաղցր հեզ
բառեր խարանող ու տաղող հրկէզ
յետոյ կանչեցին զօրեղ դիւթանքով
ապա … լռեցին կրկին աղմուկով


* * *


Բոպիկ ոտքերով
Բիւրեղ տիկինը կեցաւ հովին դէմ


Լոյսին դաշոյնը
դեռ չէր արիւնած երկնքին կուրծքը
եւ լեռները դեռ չէին ողողուած
ցաւովը անոր
երբ Տիկինն առաւ թիկնոցը ուսին
ու գնաց մատուռ






Աղօթե՞լ
միայն Աստղիկին ահեղ


ծունկի՞ գալ
միայն Անահիտին դէմ
ու սիրտը դնել ոտքերուն ոսկի
եւ երկրպագել Վահագնին վայրագ
* * *


Լոյս մը հեռուէն
(լոյսերը միշտ հեռու իրմէ
իրը՝ ներսէն)
ափէն մինչեւ աչքին ճամբուն
պէս հարազատ ուղին մատրան


եւ ծնկաչոք խորանին դէմ
ցաւի    սուգի
յամառօրէն խլրտացող     յառնող սէրի


սպասումը անսովորին
-թէեւ անյոյս -
եւ մութին մէջ մերթ տատանող
կանչը լոյսին
ձեռքը առին
ու զինք մինչեւ
խորխորատին ափը տարին


* * *


Խորանին տակ      խաչին առջեւ
մութը թանձր
կը թրթռայ հաստ լարի պէս
կ՛արթնցնէ բնութիւնը իր թմբիրէն
թափ կու տայ եւ թափ կ՛առնէ
կը ներհիւսէ փոթորիկի մէջ անձայն
ու կ՛արարէ կրկնակ հիւսակ մը շքեղ


կը չքանան գիշերները դառնութեան




Յետոյ յանկարծ
բիւրեղացման այդ պահուն
խաչափայտէն կ՛իյնայ կտոր մը լուսէ
կ՛օրհնէ զիրենք
ու կը բաժնէ վերջնապէս






Մարուշ Երամեան, Հոկտեմբեր 2007

Friday, February 11, 2011

Մարուշ Երամեան: ԲԻՒՐԵՂ [Ա.]

ԲԻՒՐԵՂ[1]


Ա.


Անունդ կ՛իյնայ
վաղ աշնան տերեւի նազանքով
ու կը կորսուի
դառնալու պարարտ հողը ծնունդիս


Պիտի չծնէի       ոչ     եթէ չըլլար նախ անապատը
յետոյ ծովը
եւ անոնց ներհիւսումի կէտին
դուն
Բիւրեղ Տիկին


Չկաս մատեաններու մէջ կարեւոր
բայց գտայ քեզ
եւ քու մէջէդ է որ դիտեցի
թափառող եսս


* * *


Բիւրեղ Տիկին
Հացեւանի պարարտ հողին մէջ մոռցուած
առեղծուած կը մտմտաս
կը լուծես
անծանօթ ես
ոչ ոք եկաւ վարագոյրներդ բանալ
եւ օրերուն քօղը կեանքէդ վերցնել
անուն մը չես       գաղտնիք ես


գեղեցկագոյն իրերու մէջ թակարդուած
շղարշներով վիրակապուած
եւ ժպիտով ծարիրուած
կը սպասես


իսկ օրերը
բոյրի բխրուն սրուակի պէս կը կոտրին
տարտղնելով զգլխանքը անծանօթին


կաթիլ մը դեռ կը յամենայ
բոյնին կառչած


ցերեկներուդ մէջ մթագին
քնքշութիւնդ որպէս փարոս հեռակայ
անորոշի տարածքներուն թափառական
ուղեւորներ կը կանչէ


* * *


Գիշերներուդ վարագոյրները չբացիր
նաժիշտներն իսկ մօտ չթողիր սնարիդ
մինակութիւնն էր քու միակ հոմանիդ
մինչեւ այն օրը դժխեմ
երբ նայուածքիդ մէջ ծորեցաւ
լաւան Կայսրին
բոցակրակ աչքերէն


Պիտի գար ան
քու ոտքերուդ փռելու սէր մը ամբարիշտ


կայսերական հմայքներով շղարշելու
ցանկութիւններն իր անուղի


սպասելու որ երթայիր նազանքով
ու բանայիր առագաստդ
գորգի պէս իր ոտքերուն


ճամբան հեռու էր սակայն
իսկ անցաբառն անծանօթ


արծիւն անգամ թեւաբախումով հսկայ
անցաբառը չէր բերած


իսկ դուն ովկիան փոթորկայոյզ
ոչ անջրդի ծարաւ տարածք


առագաստներ բացող մրրիկ
եւ ոչ թռչուն վանդակապատ


դուն լուռ ճաճանչ
թաքնուած լոյս




Մարուշ Երամեան


[1] Սիւնեաց նահանգի Հացունեաց գաւառի այրի տիրուհին, որ իշխած է 620-ական թուականներուն, Հերակլէս Կայսրի Պարսկաստան արշաւանքներու շրջանին, որոնք կատարուած էին փրկելու համար Քրիստոսի գերի տարուած խաչափայտը։

Sunday, February 06, 2011

Սարգիս Ք. Խաչերեան։ ԾԱՂՐԱՆԿԱՐ

Ձորը խոր շունչ մը կ՛առնէ
Լեռ կ՛ըլլայ

Լոյսը իր աչքերը կը փակէ
Մութ կ՛ըլլայ

Խենթը կը սկսի բարձր ձայնով մտածել
Բանաստեղծ կ՛ըլլայ

Այս բանաստեղծութիւնը փորձէ գծել
Լաւ ծաղրանկար մը կ՛ըլլայ



Saturday, February 05, 2011

Սարգիս Ք. Խաչերեան։ ԱՆՔՈՒՆ

Անքուն կօշկակարը
Գլուխը բարձին
Բոպիկ ոտքեր կը համրէ
Մտովին

Անքուն ծաղկավաճառը
Գլուխը բարձին
Տօնական օրեր կը համրէ
Մտովին

Անքուն քննադատը
Գլուխը բարձին
Բանաստեղծէ մը մէջբերումներ կը կատարէ
Բարձրաձայն 

Friday, February 04, 2011

Սարգիս Ք. Խաչերեան։ Չմեռ

Ձմեռը այս տարի
Շատ ծանր անցաւ
Ցուրտը առանց նախաբանի
Կրծեց մեր ամբողջ
Ջերմութիւնը

Բայց ինչու մեր քիմքերուն
Գարնան համն է տակաւին


ԵՐԹ Սուրիահայ Տարեգիրք, Թիւ 3

Sunday, October 17, 2010

Մարուշ Երամեան: ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐ (Ե)

ե.

Լռութիւններ ուրկէ՞ էք

* * *

գիւղացին իր արտին մէջ
արեւին լուռ ծանրութեան տակ

բանուորը գործարանի
աղմուկին լռութեան տակ


ու մայրերը
մոռացումի լռութեան տակ
Coda-
Լռութիւններ
դուք սպիտակ տարածքներ
ուր կը ծաղկի սէրը արդէն իմաստուն
եւ բարձէ բարձ միջոցը ա՛լ կը լենայ
մտերմութեամբ թաքթաքուր

Լռութիւններ իմս էք

Saturday, October 16, 2010

Մարուշ Երամեան: ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐ (Դ)

դ..


Լռութիւններ
մութ ու լոյսի սահմանի՞ն էք
ծուարած

* * *

բոլոր գիշերներէն ետք կոյր
կը վերադառնանք
գտնելու արեւը զոր ուրացեր էինք
որովհետեւ տաղեր էր մեզ

եւ ուրացեր էինք
որովհետեւ լքեր էր մեզ

բայց կը վերադառնանք գտնելու
լռութիւնները ծաղկած
պերճաղիճի նայուածքի պէս
հմայիչ եւ թունաւոր

վերադարձն ալ երբեմն
լռութիւն է անսահման


Friday, October 15, 2010

Մարուշ Երամեան: ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐ (Գ)

գ.



Լռութիւններ
աղմուկներու մէջ թաքնուած
խաղաղութեան խաբկա՞նք էք






* * *


կաթիլ կաթիլ
եւ հեւք առ հեւք կþորմնաւորուիք
բաղեղի պէս կողերուս
ու երբեմն կը ծաղկիք


Thursday, October 14, 2010

Մարուշ Երամեան: ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐ (Բ)



բ.


Լռութիւններ
իմաստո՞ւն էք հարց կու տամ


* * *


ցաւի խազ էք
ինչպէս ճիչը պատռող խզտող
որ կը մերժէ դուրս գալ դէպի
ճամբան իր


բայց ծնունդի ճամբան նեղ
նեղ ու ծանր
ծանր ինչպէս անկշիռը տիեզերքին
ինչպէս ծովը
ընկղմող նաւերու կողին


Wednesday, October 13, 2010

Մարուշ Երամեան: ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐ

ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐ


Մ.ին



Լռութիւնդ
ճակատագիրս կը ջնջէ
ու վերստին կը գրէ


Յուշը լուռ է
Ձայնը լուռ է
Գիրը լուռ է
Միայն գիշեր, որ բարբառի լիաթոք



ա.


Լռութիւններ
ըսէք ինծի՝ ինչո՞ւ էք

* * *

ես ձայն մըն եմ
որ մութին մէջ լոյսին մէջ
իրեն նման ուրիշ ձայներ
կը փնտռէ

ալիքներուն գագաթը կը բարձրանայ
եւ լռութեան խորութիւնը
կը չափէ

աշնան թափուող տերեւներուն վազքին մէջ
հովերուն առանձնութեան պատիկները
կը համրէ

եւ կը փնտռէ ձայնասնտուկը միակ
ուր հնչէ զիլ հնչէ յար
եւ ի վերջոյ իր հիմերը կը նետէ
լոյս ու մութի սահմանին
ու կ՛օրօրուի՜ կ՛օրօրուի՜

Tuesday, October 12, 2010

Մարուշ Գազանճեան-Երամեան: [Դուրս ելայ տունէս]

Դուրս ելայ տունէս
եւ ալ երբեք երբեք
չվերադարձայ

եւ մինակ էի

երկինքը գրկեց զիս
երկիրը օրօրեց
ծովը արցունքս եղաւ
եւ անտառները լռութիւններս

աշխարհը տունս ըրի
քեզ մէջս ունենալու համար


* * *
Տունէս դուրս ելայ
Դուրսը ոչ անտառ կար
ոչ ծով

անապատը միայն
ու անոր մէջէն սողացող
կասկածի գետը

որուն վրայէն օր մը
հեռացար
ու հիմա կը թիավարես տակաւին

դուրս ելեր էի
քեզ փնտռելու համար
մինչ ներսն էիր դուն
որպէս լռութիւն


* * *
Երբ թափեցան անձրեւները
ափսոսանքի
հասկցայ որ սկսեր էր
մոնսունը* կեանքիս

ներս չունէի
դուրսը արդէն տուն դարձեր էր

կը մնար որ
տուն գայիր

* * *
Դուրս ելայ սրտէդ
և չհաւատացի
տունս այնտեղ էր
արիւնեցայ
հաւատքի քարերը կրելով
կարծրացայ
պատերս ողորկ շաղախելով
հարստացայ յոգնութեամբ
իմաստնացայ առանձնութեամբ
տունս տաք էր բոյնի քաղցրութեամբ
ես հոն չէի
դուրսը
սիրտդ կը փնտռէի



* Մոնսուն՝ ամառնային անձրեւոտ եղանակ

Monday, October 11, 2010

Մարուշ Երամեան։ ՔՈՅՐԵՐ

ՔՈՅՐԵՐ


Բագոսուհիներ  լռութեան բարբառին
հեռու    մտերիմ
նայեցայ ձեր աչքերուն
հոսեցաւ գինին ժամանակին

կարկառուն էին մեր ձեռքերը
անջրպետէ անջրպետ
ու թէեւ քանդեր էինք ճաղերը
դեռ ամբողջ չէր կամուրջը որ
պիտի բերէր մեզ իրարու
լուռի ու ցաւի գաղտնաբառով

թուղթ չունէինք
մեր մորթին տաղեցինք պատմութիւնը
զոր դուստրերը պիտի կարդային
գտնելու ելքը լափիւրինթոսին

իսկ մելանը …
դանկըտեցինք  աղ ցանեցինք
ու դիտեցինք գիշերին մէջ
կողոպտիչները արեան

քամեր էինք գոյնը
ա՛լ պէտք չունէինք
կարմիրին

քոյրեր էինք սկիզբէն
ջուրերը մեզ սահմանեցին
բաժնեցին

բարձր էին պատերը
ճեղքերէն դիտեցինք զիրար
ու տեսայ ամպը
որ կþիջնէր Ֆարողզադի ուսերուն
բիւրերորդ պատ որպէս
բայց լռութիւնն էր միակ միջոցը
իրեն հասնելու

մինչեւ հասայ
            թռչուն դարձեր
                        թռչեր էր

ատեցի բոլոր թեւաւորները
եւ կարծրասիրտ անուանեց զիս
ամուսինը
որուն խօսքի ջրհեղեղին տակ շնչահեղձ
կը թփրտար
կիսատ տողը

տաք մոխիր իսկ չունէինք
չիր սարքելու մեր ցաւերու շարոցներէն
մանեակի պէս մեր վիզերուն
ծանրաքար

ծովանոյշներ
հողին վրայ կþապրէինք
եւ խօսքը արգիլուած էր

մինչեւ    ծնաւ    քերթուածը
որպէս
հատուցում                 


Մարուշ Երամեան


This unpublished poem appears in APP courtesy of the author.

Saturday, September 11, 2010

ԵՐԹ: Բերիոյ Հայոց Թեմն ու Սուրիահայ Գրողներուն Տարեգիրքը (5)


YERT's fifth volume has appeared. The book launch will be on  Monday, September 13, 2010 in Aleppo, Syria.

Friday, August 13, 2010

ՄԱՐԻԱՆՆԱ ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ: Շուրջպար

Տարիները զիրար կը հրմշտեն
Մինչ երկնասոյզ գագաթներ աղօթք կը մրմնջեն:
Ո՞ւր եմ, չեմ գիտեր
ծեր լեռներու՞, թէ՞ տարիներուն մէջ.
Իմ մէջ անոնք են հիմա,
որ բնաւ չկան,
ես նորէն կը պարեմ
հին պարը մահուան.
անոնք՝ եկողները իմ մէջ կը պարեն:
Ձայն մը մութին մէջ ծնունդ կ’աւէտէ.
կը հարցնեմ ինծի` ո՞ւր եմ ես հիմա:
Անցնող-գացողին,
նորերուն ալ կը հարցնեմ:
Անոնք այս պահուն հինին
փէշէն կը ճօճուին.
ես ալ արեւին լոյսը
ամուր գրկած եմ.
հինը կը նորոգուի…

Wednesday, July 14, 2010

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ։ [Արշալոյսներ երազեցի]

Արշալոյսներ երազեցի
Բռնկումով անանձնական.
Վերջալոյսներ մերթ գրկեցի
Երազի գոյն, աներկեւան,

Կեանքս հոսուն գետի նման
Ալիքուեցաւ ծովը դէպի,
Ծովը ինձմով ի՞նչ շահեցաւ,
Ի՞նչ էր շահս ծովէն իմին։

Ու չիմացայ բիւրերու պէս
Բիւրեղ կեանքի թաւալքին կեր
Պարտեա՞լն եղայ ես սիրակէզ...
Եթէ այո՜, յաղթողն ո՞վ էր։

Tuesday, July 13, 2010

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ: ԿԸ ՄՏԱԾԵՄ

Կը մտածեմ երբեմն,
Թէ տարիները արդեօք
Խլել կրցա՞ն գանձերն իմ։
Թէ փոթորկուն ծով կեանքիս
Ծովահէնները որպէս
Տարիները թաւալող
Գողնալ կրցա՞ն երբեւէ
Խինդ ու կորովս անայլայլ,
Յոյսի պաշարս անսպառ։
Ու ահա ես ութսունի
Սեմին կանգնած լուսագէս
Ձէնով Օհան մը որպէս
Գոչել կրնամ վճռապէս
Թէ սիրտիս մէջ իմ անտես
Ունիմ ճերմակ քանի՜ տետր,
Որոնց ձիւնկաթ էջերէն
Պիտի խօսիմ աշխարհին
Թէ ունայն չէ կեանքը այս
Երբ օրերուդ դաշտերուն
Հերկերն անվերջ ողողես
Որպէս սիրոյ սերմնացան։
Ի՛նչ փոյթ, ինչ փոյթ որ չըլլաս
Դուն հնձուորը ակաղձուն–
Սէր սերմանէ յաւիտեան։



* * *

Monday, July 12, 2010

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ: ՔԵՍԱՊ

Քեսապ,
Հայոց դարաւոր կայք,
Որուն հմայքին տակ
Հայկակներ ժմնեցան։

Քեսապ,
Դո՞ւն աւելի մօտն ես արեւին
Թէ արեւը քեզի,
Երբ լոյսերու մէջ կը շողաս։

Քեսապ,
Լեռներու պար
Կարծես աղջիկներ են հայ
Ու կ՛երգեն ձերամբ։

Քեսապ,
Տօթն ըմբերանող
Անտառներուդ սօսափին տակ
Որքան անուշ է եթերանալ
Երազներով անյատակ։

Քեսապ,
Դուն օրհներգ ես մէն մի հայու
Ու կը ժպտիս ամէն անցորդի,
Որ գագաթներուդ վրայ
Աստուծոյ հետ զրոյցի կը նստի...

Քեսապ,
Քու ծոցիդ մէջ կայտառ
Այսօր հայն իսկ յամառ
Գիտցաւ վերջապէս,
Որ հայրենիքն իր վէս
Եփրատ-Տիգրիսի ակունքներուն է
Եւ ստորոտին յաւերժի լերան...