Monday, October 11, 2010

Մարուշ Երամեան։ ՔՈՅՐԵՐ

ՔՈՅՐԵՐ


Բագոսուհիներ  լռութեան բարբառին
հեռու    մտերիմ
նայեցայ ձեր աչքերուն
հոսեցաւ գինին ժամանակին

կարկառուն էին մեր ձեռքերը
անջրպետէ անջրպետ
ու թէեւ քանդեր էինք ճաղերը
դեռ ամբողջ չէր կամուրջը որ
պիտի բերէր մեզ իրարու
լուռի ու ցաւի գաղտնաբառով

թուղթ չունէինք
մեր մորթին տաղեցինք պատմութիւնը
զոր դուստրերը պիտի կարդային
գտնելու ելքը լափիւրինթոսին

իսկ մելանը …
դանկըտեցինք  աղ ցանեցինք
ու դիտեցինք գիշերին մէջ
կողոպտիչները արեան

քամեր էինք գոյնը
ա՛լ պէտք չունէինք
կարմիրին

քոյրեր էինք սկիզբէն
ջուրերը մեզ սահմանեցին
բաժնեցին

բարձր էին պատերը
ճեղքերէն դիտեցինք զիրար
ու տեսայ ամպը
որ կþիջնէր Ֆարողզադի ուսերուն
բիւրերորդ պատ որպէս
բայց լռութիւնն էր միակ միջոցը
իրեն հասնելու

մինչեւ հասայ
            թռչուն դարձեր
                        թռչեր էր

ատեցի բոլոր թեւաւորները
եւ կարծրասիրտ անուանեց զիս
ամուսինը
որուն խօսքի ջրհեղեղին տակ շնչահեղձ
կը թփրտար
կիսատ տողը

տաք մոխիր իսկ չունէինք
չիր սարքելու մեր ցաւերու շարոցներէն
մանեակի պէս մեր վիզերուն
ծանրաքար

ծովանոյշներ
հողին վրայ կþապրէինք
եւ խօսքը արգիլուած էր

մինչեւ    ծնաւ    քերթուածը
որպէս
հատուցում                 


Մարուշ Երամեան


This unpublished poem appears in APP courtesy of the author.

No comments: