Կարօ Արմենեան։ ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆ
Բառերը ինչպէ՞ս կը մտնեն
տառապանքներէդ
ներս
կ՛ըլլան մերկութիւն
կ՛ըլլան համ ու խունկ
բառերը ինչպէ՞ս կը մտնեն քու ժամերէդ ներս
ինչպէ՞ս
կը դողան
կ՛ըլլան հայրութիւն
Բառերը ինչպէ՞ս կու գան ու կը գտնեն քեզ
մահուանդ սեմին
ինչպէ՞ս կը ծնին իրենց
այլութեամբ
ինչպէ՞ս կը հեգնեն շարուածքը անգոյն
հասակի կարգով
այբուբենական
բառարաններու խիտ էջերուն մէջ
ինչպէ՞ս կը մեկնեն գաղտնապահութեան
վերջին չափածոն
մէկ ջինջ նայուածքով
Բառերը ինչպէ՞ս յայտնութիւն կ՛ըլլան
կը մտնեն տեղեր
ու կը կորսուին
մեծ ժխորին մէջ
բառերը ինչպէ՞ս կ՛առկայծին հեռուն
կը փնտռես անյոյս
յիշելով բոյրը
հոգեհատորիդ
ու կանգ չառնելով
եւ միշտ փնտռելով
ականջդ լարած իր ոտնաձայնին
Բառերը ինչպէ՞ս գլուխ կը բռնեն
բառերը ինչպէ՞ս կը մերժեն կնիք
կը մերժեն ճամբայ
կ՛ապրին այծի պէս
կը գտնեն ճամբան
սեպ քարաժայռին
եւ ուշի ուշով
կեցած կը դիտեն
անտէր բարձունքէն
զարմանահրաշ տեսարանն այս մեծ
որ յար կը հիւսուի
ծայրով եղէգի
ընդմիշտ անծանօթ ոմն ոչխարի մորթէն թրծուած
ու դեռ չգրուած
այս հին կաշիին
էջերուն վրայ
Կարօ Արմենեան
Յուլիս 27, 2010
No comments:
Post a Comment