Monday, October 04, 2010

Կարօ Արմենեան։ [Այս իրիկուն]

Այս իրիկուն
ջղայնօրէն
ծարաւով
երբ մարմինս կը քսեմ քու մարմինիդ
ու խռովքի կաթիլներով կ՛ողողուինք


այս իրիկուն

կը տեսնե՞ս
կը մաքրուիմ ժանգերէն
իմ հոգիիս








Կարօ Արմենեան «Մարմին ու Արիւն» Տպարան Շիրակ, Պէյրութ 1970

No comments: