Friday, October 22, 2010

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹ՝ ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 85-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ


Այս տարի կը նշուի ամերիկահայ նշանաւոր գրագէտ Յակոբ Կարապենցի (1925-1995) ծննդեան 85ամեակը: Կարապենց եղած է 20րդ դարու երկրորդ կէսի սփիւռքահայ արձակի տիրական անուններէն մէկը: Իր պատմուածքներն ու վէպերը« որոնք առանձին գիրքերով սկսած են հրատարակուիլ 1970ին« դարձած են տեսակ մը հայելի՝ սփիւռքահայ անհատի ինքնութեան հարցականներուն եւ տագնապներուն: Անոնք« իրենց գեղարուեստական արժէքով« հայ գրականութեան մնայուն էջերուն մաս կը կազմեն:
Այս յոբելեանին առիթով կազմուած է յանձնախումբ մը Պոսթընի մէջ  որ ծրագրած է կարգ մը ձեռնարկներու կազմակերպումը:
Մեր նորահաս սերունդին մէջ գրագէտին անունն ու գործը ծանօթացնելու նպատակով« այդ ձեռնարկներուն շարքին կազմակերպուած է շարադրական մրցոյթ մը: Այս մրցոյթին կրնան մասնակցիլ 9էն մինչեւ 18 տարեկան ամերիկահայ մանուկներ ու պատանիներ - բաժնուած՝ երկու խումբերու. ա) 9էն 13 տարեկան,  բ) 14էն 18 տարեկան: Նիւթը՝ «Ապրիլ որպէս հայ Սփիւռքի մէջ», կը ցոլացնէ այն որոնումները, որոնք Կարապենցի գրականութեան հիմնական տարրը եղած են: Վստահ ենք  որ մեր նորահաս սերունդը  ըստ իր տարիքային հասկացողութեան« կրնայ խորհրդածել եւ ազատօրէն արտայայտուիլ  այս նիւթին շուրջ: Շարադրութիւնները կարելի է ներկայացնել պատմուածքի կամ փորձագրութեան (essay) ձեւին տակ՝ 500 բառի սահմաններուն մէջ: Գրութիւնները կ’ընդունուին թէ’ հայերէն եւ թէ’ անգլերէն լեզուներով:
Մասնակցութեան պայմանաժամը Հոկտեմբեր 31, 2010ն: Լաւագոյն նկատուած երեք շարադրութիւնները կ’արժանանան պատշաճ գնահատումի եւ պիտի ներկայացուին Նոյեմբեր 21ին« Պոսթընի մէջ՝ Կարապենցի յիշատակին նուիրուած ցերեկոյթին ընթացքին:
Մասնակիցները իրենց գործերը պարտին ուղղարկել հետեւեալ հասցէին՝
Armenian Cultural Foundation
441 Mystic Street
Arlington, MA 024741108
ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 85ԱՄԵԱԿԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

No comments: