Saturday, October 02, 2010

Կարօ Արմենեան։ [Քիչ ետք երբ ժամը հնչէ]

Քիչ ետք երբ ժամը հնչէ
բարեկա՛մ
ու սլաքը առժամաբար կթոտի
մեռեալ կէտին՝

մտքերուն
ու ճչակները սուլեն
սրտաճմլիկ գոյժերով
ու խարտոցեն բջիջները ուղեղիդ


Քիչ ետք երբ ամբոխը լեռնանայ
տարերային թաւալքով
ու պոռթկայ դուրս
պատերէն
այս շէնքերուն
ու մայթերը հեղեղուին կնճիռներով հոգերով
ու վար սողան ջղային
փապուղիին աղիքներէն հիւանդոտ

Քիչ ետք երբ դո՛ւն ալ կղպես
գզրոցին տակ սեղանիդ
մանուածապատ խոհերուդ
հաշիւներուդ
քէներուդ
սարդոստայնը խաւարչտին
պիտի չուզե՜ս կանգ առնել՝
պատուհանին
քու ամայի բարձունքիդ
ու խոկալ


Վասնզի
եթէ յանկարծ կանգ առնես
եթէ դիտես քեզմէ վար
յուղարկաւոր ամբոխներու եռուզեռը ոջլային
ու խոկա՛ս
քու շշունջէդ սարսափած
պիտի վազես խելագար
երախէն դուրս

մղձաւանջիդ քարայրին

ու խելայեղ ճիչերով
պիտի խառնես մոլեգին
կեանքդ
կեանքի՛ն մարդերուն
փողոցներո՛ւն 
զրկանքի՛ն


Քիչ ետք երբ ժամը հնչէ
բարեկա՛մ
ու դուն նայիս հայելիիդ ծամածուռ
ու փողկապդ անգա՛մ մըն ալ ամրացնես
պիտի ուզես խոյս տալ տրտում
դամբարանէն
այս շէնքին

Ու յետոյ
պիտի չուզե՜ս երթալ տուն…



Կարօ Արմենեան «Մարմին ու Արիւն» Տպարան Շիրակ, Պէյրութ 1970

No comments: