Արեւը մտեր է բոլոր ճեղքերէն ներս
մերժելով
բոլոր պատուարները
եւ բացուած յայտարարելով
առտուան այս շռընդալից
տօնահանդէսը
անգամ մը եւս պիտի ապրինք այս երկնքին տակ
եւ խմենք այս անուրջը իր հրեղէն կաթիլներով
անապատային արեւը իր անխոնջ սէրը ունի
ան իր տաք շրթունքները կը քսէ հողին եւ կ՛ապրի
իր հրաշալի յաւիտենութիւնը
այս անկողնին մէջ
արեւը երանգներ չունի
ան սրբած է երանգները եւ հալեցուցած ամէն գրգիռ
եւ իր արգանդէն դուրս բերած է լոյսի այս ծովը
Քաղաքը կպած է երկրին եւ ընդունած իր ժամանակաւոր
գոյութիւնը առանց դոյզն հարցուփորձի
ան փակած է իր պատուհանները եւ կ՛ապրի շուքի մէջ
քաղաքը գծած է ճանապարհներ եւ շարած է իր տուները եւ ճամբայ
հանած է իր մարդերը դէպի նախատեսուած վայրեր
ան ունի իր յաւուր պատշաճի ժպիտը իր յոգնատանջ դէմքին
եւ գիտէ բառերը այս կրկնուող երգին
քաղաքը ունի տարուբերող եզրեր
ան իր աննինջ գիշերներն ունի
եւ պարտասած առտուն
ան իր անկշտում շրթունքներն ունի
եւ ծխող խմող
նախանձող ու բիրտ
երազամոլի
զգայախաբուող իր տենչերն ունի
ան իր շահամոլ գրգիռներն ունի կեանքի այս կէսին
յաւերժ անօթի
եւ անօթեւան
իր ինքնութիւնը
բայց նաեւ ունի
իր ինքնամոռաց ուրախութիւնը
օրուան այս ժամուն
թէժ ու բոցեղէն այս սաւանին տակ
ան իր համարձակ
ազդրերը ունի եւ իր քրքչուն
անփութութիւնը
ան իր խմորուող եւ եռեւեփուն կուրծքերը ունի
եւ խոպոպները
օդին մէջ ճօճուող
երկնքէն ծորող տաքուկ սէրերը
կէսօրուան շուքին
ինքզինքը մոռցող անկուշտ արեւ մը
որ պինդ կը փարի
զոր ինք կը սիրէ
խանդաբորբ սիրով
զոր կը ներծծէ
անյագ մոլուցքով
մատներն իր խրած
իր կոյր զենիթին
եւ յանձնած ինքզինք
այս գերերկրեայ
սիրաբանութեան
Քաղաքը ունի փորձութեան րոպէն
կ՛ուզէ հաւատալ
նորէն ու նորէն
մտնել խաղին մէջ
անջատուիլ կեանքէն
արբենալ կեանքով
ու տրուիլ կեանքին ոչ տոկոսային
վերջ տալ
կրկնութեան
յանկերգին այս սին
ամուլ կարօտին
այս շռայլաբան
եւ օրուան խայթող
տեսիլքէն զարհուր
իրիկուան սեմին
քաղաքն այս տոչոր
կ՛ուզէ կոխկռտել
բանականութեան
պտղունցն իր վերջին
ու վերջին փողով
քաղաքն այս կ՛ուզէ
խաբել նորզնոր
բախտն իր անոպայ
կեանքն իր անցաւոր
Գիշերն է նորէն
որ իր քմայքոտ երազանքներով
այսպէս կը լռէ
երբ վերջին փողերախումբը
կանգ առնէ
իսպառ
եւ մեկնի բեմէն
վերջին ծաղրածուն
եւ անապատի զեփիւռն այս քնքոյշ
թեւերն իր
փռէ
գգուէ գթութեամբ
մայրութեամբ գգուէ
յետին ասունն
ու անասունն այս քաղաքին
հարցումներ մի հարցնէք
մի քրքրէք խորքերը այս վէրքին
մի փնտռէք պատասխանատուն
եւ պատճառը
եւ մանաւանդ զգոյշ կոխեցէք
քաղաքը իր հիասթափութիւններն է որ կուլ կու տայ
այս ուշ ժամուն
երբ այլեւս չկայ արեւը
եւ թանձր խաւարն է որ կը ծածկէ
մեր անխոստովանելի ամօթը
Կարօ Արմենեան
Նեւատա