Կարէն Գազանչ։ Անվերնագիր
Օրուայ քամիի կռիւէն տոկուն,
Հանգչած ես խաղաղ այս իրիկուն,
Կը դիտեմ քեզ փողոցէն մի մայթի,
Սիրուն վարդ իմ հեռու ժայռի:
Ի զուր ես մենաւոր այս պահին,
Հեկեկալէն կը դողաս ահագին,
Նման սգակիր լացող մ'այրի,
Սիրուն վարդ իմ հեռու ժայռի:
Թերթիկներդ առտուն միշտ խոնաւ,
Զի արցունքներդ են իջած տակաւ,
Ամէնը կը նկատեն քեզ իբր վայրի,
Բացի ե՛ս սիրուն վարդ իմ հեռու ժայռի:
Ցանեցին քեզ երբ վիճակդ էր սերմ,
Ապառաժը բռնեց արմատդ սեղմ,
Կահոյքի նման տունին կարասի
Սիրուն վարդ իմ հեռու ժայռի:
Մայրամուտը վաղուց աւարտուած,
Լուսինը շատոնց առկախուած,
Քեզ կը դիտեմ ժպտուն բայց խղճալի,
Սիրուն վարդ իմ հեռու ժայռի:
Կարէն Գազանչ
No comments:
Post a Comment