Թադէոս Եսայեան։ Գարնանամուտ
Ես գարունիս ժպտեցայ
Պատշգամէս բացօթեայ,
Աշխարհ մ'ինկաւ ներսը լիք
Լուսամուտէս գեղեցիկ...
Ու ես շշմած խինդարբուն
Իջայ մայթերը սիրուն,
Աշխարհ մը կար ափերուս՝
Բիւրեղ աշխարհ մը պորփիւր..
Ու տեսնողներ ապշեցան...
Գարունը զառ որ տեսան՝
Ըսին Շիրա՜զն է...արքա՛ն...
Շիրազն ըսին այս անգամ
Մանիշակին իր սիրած
Ու վարդերուն հայրենի՝
Աշխարհ մ'արփով կլայ'կած
Որպէս թաղար կը տանի...
No comments:
Post a Comment