Թադէոս Եսայեան։ Առուն
Ծործորին մէջ ոլորտաւիւն՝
Գլգլալով անցաւ առուն,
Կարծես թափին ծափ կար կանչող՝
Մանկութիւններ յիշեցնող...
Վերը գիւղին՝ աղբիւրին քով՝
Կարկաչելով անցաւ առուն,
Կարծես ալքին խայծ կար դիւթող՝
Թարմատիներ հրապուրող...
Վարը գիւղին՝ դաշտերու քով՝
Կաթնափրփուր անցաւ առուն,
Կարծես լանջին ծիծ կար թեւող՝
Ուրդ ու կորի դիեցնող...
Եւ ահա ջայլ...Սահանքն ի վար
Փշրուելով անցաւ առուն,
Բայց գայթին մէջ կարծես կայք կար՝
Բարձրութիւններ դրասանգող...
Հիմա հեռուն թաւուտքներուն՝
Ծանծաղելով կ'անցնի առուն...
Կարծես մէջքին լօռ է կապեր՝
Կանաչ օրեր յիշատակող...
No comments:
Post a Comment