Saturday, March 12, 2016

ԼՕԼԱ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ։ ԵՐԵՒԱԿԱՅԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԱՆԻ

ՁՄԵՌ Է, ՍԻՐԵԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄ

Ամիսէ մը գիրքս լոյս կը տեսնէ
Ու չե՛մ գիտեր, ընկեր ճան,
Թէ բացի ընտանիքէս
Ընթերցող պիտի ունենա՞յ։
Երկու մեթր ձիւնը յաղթահարել
Աւելի դիւրին է քան հայ ընթերցողին
Տրամադրութիւնները:
Երեսունհինգ տարի է ձմրան ցուրտին չեմ վարժուած
Բայց կը փորձեմ միտքս ձիւնի պէս անբիծ պահել:
Բարեւներ տիկնոջդ։

ԳԱՐՈՒՆ Է, ՍԻՐԵԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄ

Բանաստեղծութիւնդ ստացայ
Ձայնագրութեան հետ, ու կրկին՝ ապրի՛ս։
Այդ օր, երբ խռպոտ ձայնով
Զայն լսեցի, արդէն կը զգայի
Թէ որքան կարեւոր էր ընտանեկան
Սիրոյ մեղեդիէն չհեռանալ:
Գրեցիր հիւսիսային Ափրիկէի հարցերուն մասին։
Քանինե՜ր մեռան։ Բայց մեր կեանքը կը շարունակուի։
Երեսունհինգ տարի է գարնան գեղեցկութենէն
չեմ կշտացած ու կը փորձեմ անոր հետ հոգեպէս վերածնիլ։
Տղոցդ համբոյրներ։

ԱՄԱՌ Է, ՍԻՐԵԼԻՍ

Խոլորձներս տակաւին ողջ են ու մինչեւ այսօր
Ծաղկած մնացին, բայց հիմա սկսած են
Իրենց երկար քունը մինչեւ աշուն։
Այդ իրիկուն երբ աչքերդ գոցեցիր եւ
բանատեղծութիւն մը արտասանեցիր,
սրտիս մէջ մեծ բան մը պատռուեցաւ
Ու հոգիիս մէջ թափանցեցիր։
Կը յիշե՞ս երբ հանդիպեցանք թանգարանը ու չկրցայ խօսիլ։
Այդ նկարները աչքերուս առջեւ են տակաւին:
Երեսունհինգ տարիէ ի վեր քեզի կը սպասէի:
Բարեւներ անծանօթ մօրդ։

ԱՇՈՒՆ Է, ՍԻՐԵԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒՀԻ

Օրերը կը կարճնան ու գրելու համար
Աւելի ճիգ պէտք է։
Կ’ուզեմ անդադար դուրսերը պտտիլ
Ու բնական լոյսին հետ խաղալ։
Այս շաբաթ քու հալավա պի ժիպնը
Պիտի սարքեմ։ Քսան տարի առաջ
Երբ հոս կ’ապրէիր այս անուշեղէնը
Պատրաստել սորվեցուցիր ու միշտ քեզ կը յիշեմ։
Թէյ խմելու օդ է, ընկերուհի ճա՛ն։
Քոյրերուդ՝ բարեւներ։

ԼՕԼԱ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ
Նիւ Եորք

Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է ՀԱՅՐԷՆԻՔ թերթին մէջ, Մարտ 11, 2016

No comments: