Monday, July 04, 2016

Վահան Տէրեան։ Հրաժեշտի Խօսքերից


Ո՛չ տրտունջ, ո՛չ մրմունջ սըգաւոր,
Հեռացի՛ր, մոռացի՛ր ինձ յավէտ.
Իմ ուղին միշտ մըթին, մենաւոր,
Կը գընամ իմ դժկամ ցավի հետ։

Իմ ճամբան անվախճան մի գիշեր,
Ինձ շոյող ո՛չ մի շող չի ժպտայ.
Հեռացի՛ր, մոռացի՛ր, մի՛ յիշեր,
Ինձ այդպէս, քըրոջ պէս մի՛ գըթա...

Յուսաբեկ, մութ ու մէգ թող լինի,
Իմ վերև թող արև չըխնդայ.
Լոկ երկունք, լոկ արցունք թող լինի,
Ինձ այդպես, քրոջ պէս մի՛ գըթա...

1905


1 comment:

Armenian Poetry Project said...

Յովհաննէս Ասպետ կը գրէ՝

« Վահան Տէրյան իր Հրաժեշտի Խօսքերից, բանաստեղծութեան առաջին քառեակին մէջ կ՝ըսէ, ՛՛Ո՛չ տրտունջ, ո՛չ մրմունջ սգաւոր,՝՝ իր անձնական կեանքի մասին չուզեր գանգատիլ, այլապէս իր խօսքը անբախտ ճակատագրի մասին է, որու հետ արդէն իսկ ձեւով մը հաշտուած է, այս բանաստեղծութիւնը մի միայն ուղղուած է իր սեփական մեկուսացման: Դժուար բանէ կիսել իր ներքին ապրումները:
Հիմա տեսնենք թէ ովքեր եւ ինչեր են իր մեկուսացման պատճառները. Առաջին քառեակի երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ տաղերուն մէջ կ՝ըսէ որ ՛՛ Հեռացի՛ր, մոռացի՛ր ինձ յավէտ. Իմ ուղին միշտ մըթին, մենաւոր, Կը գընամ իմ դժկամ ցավի հետ՝՝։
Նոյն ոճով, նոյն շեշտով եւ նոյնայանգ կը շարունակէ իր աղերսանքին երգը՝ անահ սրտով մինչեւ ՛՛Ինձ այդպէս, քըրոջ պէս մի՛ գըթա... ՝՝ . Դժուար բան է հասկնալ բանաստեղծի զգայուն հոգին որ ահաւոր ծանր պատգամ մը կը կրէ իր մէջ:
Իր չորրորդ քարեակի վերջին խօսքը, սրտակեղեք կրկներգ մըն է ՛՛Ինձ այդպէս, քըրոջ պէս մի՛ գըթա...՝՝ Ուրեմն ինչո՞ւ համար կը շարադրէ այսքան լուրջ հառաչանք ու հակակրանք. Քանի որ անուրանալի է իր ապրած իրկանութիւնը, ինքն է խորհրդաւոր սիրողը՝ դժուար բանէ նմանապէս հասկնալ բանաստեղծի սէրը եւ փոխադարձաբար համարժէք սիրել իրեն. Հարկ է թափանցիլ իր ներաշխարհի գաղտնիքներուն. Ինչպէս նման ծաղիկներու, մինչեւ որ չմերձանանք անոնց հետ, անոնք չէն ձօնէր իրենց թանձրահոծ բոյրը, այնպէս ալ կան սիրոյ ծանր հոգեկան վիճակներ, ուրկէ այդ վայրկեաններու մէջ միայն պուէտի տառապանքէն արտասուող բանաստեղծութիւն կը ծորի: »