Sunday, September 21, 2014

Կարօ Արմենեան։ աւելի լոյս

աւելի լոյս
լոյս անխնայ
թող բոցկլտայ յետ միջօրէն
ականջ տուէք իր լուռ խանդին
թող մարմինն իր հրավառի
պարպէ կայծերն իր անօթէն
ծեր երեխան խօսի կրկին
կրակ ջամբէ իր խաւարէն
հրաբխի թող կուրծքերէն
խռովակոծ վերջին հիւլէն


դուն կ՚աղերսես ելքն անհնար
տիեզերքի խորթ ակօսէն
կ՚ուզես խլել յարդն ապիկար
հրդեհի տալ դաշտն այս մթար
հարթել ճամբադ հին քաոսէն
կոտորելով չափերն օտար
հանել ոտքի ազատորդին
ու սահմաններն այրել իսպառ


դուն կը տենչաս անցնիլ անդին
որմէ անդին չկայ եզերք
գտնել մէկ նոր ուրախութիւն
գոյութեան մէջ այս տանջահար
այս մերկ ու հում ու անկերպար
իրողութիւնն ընել սկիզբ
յետոյ կանգնիլ ու միս-մինակ
ճակատ պարզել քու ոսոխիդ


դուն կը կռուիս կեանքիդ համար
դուն կը մերժես տեղահանուիլ
դուն կը կերտես քաղաք մը նոր
հողին վրայ այս կամակոր
խաղատախտակն այս քստմնի
դուն շուռ կու տաս ամէն գիշեր
գրոհ կու տաս ամէն առտու
չարքերուն դէմ այս զեղծարար


աւելի լոյս
լոյս անուղղայ
յստականայ յետ միջօրէն
խաբէութիւնն այս փարատի
ապրինք անկուշտ առանց սուտի
ու շրթներով փարինք կեանքին
գրկենք խանդով մատաղատին
որ դուրս կու գայ քու արգանդէդ
արիւնլուայ ամէն անգամ


աւելի լոյս
ու դաժան լոյս
ու աններող ու խածան լոյս
թող խանձուի յետ միջօրէն
կրակ թափի իր երկնքէն
աստեղութիւնն ըլլայ դժոխք
բայց մաքրուի վերջին հիւլէն


Կարօ Արմենեան
Յունիս 28, 2013
Երևան






No comments: