ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: »ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՐ«Ն ԷՆՏԻԼԱՅԻ
Կառքը կը սուրայ
Գաշէն դէպի Քէքովա
Եղեւինի անտառներուն մէջ կորսուած
Օձապտոյտ ճամբաներու վրայ
Կառքը կը սուրայ
Գաշէն դէպի Քէքովա
Միջերկրականը կ՛երկարի աջին
Եղեւիններու շուքին
Կը սուրայ կառքը – կառքին մէջ ես առանձին
»Վերջին Պարը« կ՛երգէ Էնտիլան
Քէքովայի ծովուն չափ ջինջ
Քէքովայի »Ընկղմած Քաղաք«ին պէս խորհրդաւոր
Քէքովայի ծովու հսկայ կրիաներուն նման երկչոտ
Կ՛երգէ Էնտիլան
Կ՛երգէ իր »քաղցր տառապանքը«
Փարիզի փողոցներուն մէջ
Միջերկրականը կ՛երկարի աջին
Եղեւիններու շուքին
Ալիքները ժայռերուն հետ կ՛ողջագուրուին
Միջերկրականը կ՛երկարի աջին
Եղեւիններու շուքերը կ՛երկարին
Կ՛երկարին մոռցուած յիշատակներու վրայ
Կառքը դեռ կը սուրայ
Կառքին մէջ Էնտիլայի »Վերջին Պարը« կը թնդայ
25 Օգոստոս 2014, Մարմարա
No comments:
Post a Comment