Մարուշ Երամեան: ԲԻՒՐԵՂ [Ա.]
ԲԻՒՐԵՂ[1]
Ա.
Անունդ կ՛իյնայ
վաղ աշնան տերեւի նազանքով
ու կը կորսուի
դառնալու պարարտ հողը ծնունդիս
Պիտի չծնէի ոչ եթէ չըլլար նախ անապատը
յետոյ ծովը
եւ անոնց ներհիւսումի կէտին
դուն
Բիւրեղ Տիկին
Չկաս մատեաններու մէջ կարեւոր
բայց գտայ քեզ
եւ քու մէջէդ է որ դիտեցի
թափառող եսս
* * *
Բիւրեղ Տիկին
Հացեւանի պարարտ հողին մէջ մոռցուած
առեղծուած կը մտմտաս
կը լուծես
անծանօթ ես
ոչ ոք եկաւ վարագոյրներդ բանալ
եւ օրերուն քօղը կեանքէդ վերցնել
անուն մը չես գաղտնիք ես
գեղեցկագոյն իրերու մէջ թակարդուած
շղարշներով վիրակապուած
եւ ժպիտով ծարիրուած
կը սպասես
իսկ օրերը
բոյրի բխրուն սրուակի պէս կը կոտրին
տարտղնելով զգլխանքը անծանօթին
կաթիլ մը դեռ կը յամենայ
բոյնին կառչած
ցերեկներուդ մէջ մթագին
քնքշութիւնդ որպէս փարոս հեռակայ
անորոշի տարածքներուն թափառական
ուղեւորներ կը կանչէ
* * *
Գիշերներուդ վարագոյրները չբացիր
նաժիշտներն իսկ մօտ չթողիր սնարիդ
մինակութիւնն էր քու միակ հոմանիդ
մինչեւ այն օրը դժխեմ
երբ նայուածքիդ մէջ ծորեցաւ
լաւան Կայսրին
բոցակրակ աչքերէն
Պիտի գար ան
քու ոտքերուդ փռելու սէր մը ամբարիշտ
կայսերական հմայքներով շղարշելու
ցանկութիւններն իր անուղի
սպասելու որ երթայիր նազանքով
ու բանայիր առագաստդ
գորգի պէս իր ոտքերուն
ճամբան հեռու էր սակայն
իսկ անցաբառն անծանօթ
արծիւն անգամ թեւաբախումով հսկայ
անցաբառը չէր բերած
իսկ դուն ովկիան փոթորկայոյզ
ոչ անջրդի ծարաւ տարածք
առագաստներ բացող մրրիկ
եւ ոչ թռչուն վանդակապատ
դուն լուռ ճաճանչ
թաքնուած լոյս
Մարուշ Երամեան
[1] Սիւնեաց նահանգի Հացունեաց գաւառի այրի տիրուհին, որ իշխած է 620-ական թուականներուն, Հերակլէս Կայսրի Պարսկաստան արշաւանքներու շրջանին, որոնք կատարուած էին փրկելու համար Քրիստոսի գերի տարուած խաչափայտը։