Friday, January 02, 2009

Լեւոն Շանթ: Տերեւներ

Կը ծլինք, ծաղկինք,
Գարնան օրերուն,
Նազով կ՛օրօրուինք
Կանաչ ճիւղերուն։

Ամրան՝ արեւը
Կու գայ, կը շողայ,
Ցօղը մեր կուրծքին
Կը խաղայ, դողայ։

Դաշտը մերկացաւ,
Ալ ծաղիկ չկայ,
Մեղմիկ զեփիւռը
Ալ չի շընկշընկայ։

Ինչու՞ ճիւղերէն
Կախուինք ու դեղնինք,
Լաւ չէ՞ որ մենք ալ
Թեւ առնենք, թռչինք։

Եկէ՛ք, ա՛յ հովեր,
Հեռու տեղերէն,
Փրցուցէ՛ք, տարէ՛ք,
Մեզ չոր ճիւղերէն։

Փրցուցէ՛ք, առէ՛ք,
Մեզ ձեր թեւերուն.
Աշունն է եկեր,
Տարէ՛ք մեզ հեռուն։

1 comment: