Showing posts with label Turkey. Show all posts
Showing posts with label Turkey. Show all posts

Wednesday, December 02, 2015

Tuesday, December 01, 2015

«ՆՈԹՈՍ» ՀԱՆԴԷՍԸ ՅԱՏՈՒԿ ԹԻՒ ՄԸ ՁՕՆԱԾ Է ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Ժամանակ թերթին մէջ կը կարդանք՝

«Նոթոս» գրական հանդէսը Դեկտեմբեր 2015-Յունուար 2016 թուակիր, 55-րդ թիւը նուիրած է հայ գրականութեան։ Այս երկրին մէջ ապրուած մեծ ցաւերէն առաջ եւ յետոյ տեղի ունեցած
փոփոխութիւնները եւ հնագոյն լեզւի մը գրականութեան ներկան, համաշխարհային
գրականութեան մէջ ունեցած տեղը կը ջանայ ցոյց տալ «Նոթոս»ի այս թիւը՝դառնալով հիմնաւոր ուղեցոյց մը բոլոր հետաքրքիրներուն համար։ Յօդւածներ ստորագրած են Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու, Սեւան Տէյիրմենճեան, Ազիզ Կէօքտեմիր, Մարալ Աքթոքմաքեան, Մուրատ Ճանքարա, Արարատ Շեքերեան, Հազալ Հալավութ, Նազան Մագսուտեան, Քարին Քա րաքաշլը, Վահրամ Դանիէլեան եւ Սօնա Մնացականեան։

Saturday, November 28, 2015

Զարեհ Խրախունի (1926-2015)


Երէկ գիշեր (27 Նոյեմբեր, 2015) իր մահկանացուն կնքեց 89 ամեայ պոլսահայ վաստակաւոր բանաստեղծ Զարեհ Խրախունին: 

Աստուած հոգին լուսաւորէ։


Armenian poet Zareh Khakhouni passed away at the age of 89 in Istanbul on Nov. 27. Khrakhouni (born Arto Jumbishian) was born in Istanbul on Oct. 26, 1926. After receiving his primary education at Istanbul’s Kapamajian School, he continued his studies in Vienna at the Mkhitarian Secondary College, from which he graduated in 1945. After returning to Istanbul, he studied philosophy, law, and literature at Istanbul University, graduating in 1951.  Khrakhouni went on to continue his education in Paris, studying literature and art history.
Khrakhouni’s first published poem was “Haghtanag” (“Victory”), which appeared in the Mkhitarian Alumni Association’s journal in 1948. From 1952-1958, he taught philosophy, psychology, and Armenian language at Istanbul’s Esayan School. He also taught at Getronagan Lycee, where he was also the vice principal.
During his career, Khrakhouni published several collections of poems, articles, studies, reviews, editorials, and translations—mostly of contemporary French literature. Beginning in 1958, he served as the editor of Istanbul’s “Toh” Armenian literary journal. Many of his collections of poems, including Donagark (“The Celebration Order”), Tyutsaznahantes (“The Parade of Heroes”), Kar Gatilner (“Stone Tears”), Yes Yev Urishner (“I and Others”), and Nshmarner Myus Yeresen (“Glimpses from the Other Side”) have been awarded several literary prizes over the years. In 1989, Khrakhouni was awarded the St. Sahag-St. Mesrob medal from Catholicos Vazgen I.
Khrakhouni was also the recipient of Hamazkayin’s Anahid Literary Award, the AGBU Alek Manougian Cultural Foundation Award, the Elize Kavoukjian Literary Award, the Haygashen Uzunian Literary Prize, as well as the Movses Khorenatsi Medal of the Republic of Armenia, and the Armenian Patriarchate of Constantinople’s highest Medal of Honor.

Khrakhouni will be laid to rest on Dec. 3 at Beyoglu’s Holy Trinity Armenian Apostolic Church, in a national funeral service officiated by Archbishop Aram Ateshian, General Vicar of the Armenian Patriarch.
(Armenian Weekly, November 30, 2015)



Monday, October 12, 2015

ԻՆՏՐԱ: ԴՐԱՑԻ ԿԱՏՈՒՆ

Երբեմն եկուր` կատու,
Դուռնէն նայելու...
Երբոր անօթի ես,
Իմ տունս եկուր շիտակ.
Ու մլաւիւնդ երկար
Ու ցաւագին,
Երգէ մենութեանս մէջ
Ուր վիշտերը կ'ապրին...
Միտքս` քաղցր ու դիւային
Տեսիլներ կը փնտռէ...
Երբեմն եկո՛ւր, թո՛ւխ կատու
Կանանչ նայուածքով`
Դուռնէն նայելու...:
Ես ոսկոր պիտի տամ քեզի.
Եւ ձուկի պոչեր.
Որպէս զի նիհար կողերդ
Խնջոյք մը ընեն...
Եւ տխուր հապճեպով
Քու ճաշդ դիտեմ ես.
Մի վախնար, ես կը խորհիմ.
Ես չեմ շարժիր բնաւ.
Ափսո՛ս որ չեմ շարժիր...
Բռնելու քեզի,
Ո՛վ անծանօթ աղքա՛տ կատու,
Շոյելու համար վտիտ ծոծրակդ
Ուրկէ դիւայնութիւնդ կը ծնի:
Իմ տունս եկուր երբեմն.
Ես ուտելիք պիտի տամ քեզի.
Ձուկի պոչեր
Ու ոսկորներ հաւու:
Եկո՛ւր աղքատ կատու,
Կանանչ նայուածքով,
Դուռնէն նայելու...:


Արտատպուած 2014ին Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ հրատարակչատան կողմէ տպուած Ինտրայի «Հովին Ձայնը» ամբողջական երկերու երկհատորեակին Ա հատորէն.


Monday, September 07, 2015

ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ: ԼԵՌԸ

Չըլլայ որ
Երբ լեռն ի վեր մագլցիք
Չըլլայ որ
Խօսիք խնդաք պոռաք կանչէք բարձրաձայն -
Ան դառնացած աստուած մըն է նախնական
Որ մարեր է ալ դարբնոցն իր շանթերու.
Հերոս մըն է ձիւնասպիտակ մազերով
Ու խորշոմած երեսով
Ա՛լ անկարող զէն ու զրահ կրելու.
Մարգարէ մ՚է - որ թէպէտ
Մոռցուած է երկինքէն
Դեռ աչքերը վեր է յառած՝ նոր պատգամի կը սպասէ...
Զգո՛յշ որդի - չըլլայ որ
Երբ լեռն ի վեր բաձրանաք
Պատկառանքը ձգէք ձեռքէ յարգանքի մէջ թերանաք
Խօսիք խնդաք պոռաք կանչէք բաձրաձայն
Ու խանգարէք անոր քունը դարաւոր.
Որովհետև
Թէև չունի ո՛չ որոտում աստղագոռ
Ո՛չ կայծակի շեղբը բոցէ ո՛չ անէծքը նախահօր -
Սակայն երբ դուք
Խաղ ու խինդով իր խոնջած սիրտը խոցէք
Իր աչքերը լուսազուրկ
Կու լան կսկիծն անզօրին
Արցունքները կը քարանան կը սառին
Անցեալի հոծ բարձունքին
Հոյաթաւալ ժայռ կ՚ըլլան
Կամ ձիւնակոյտ մը ահեղ
Ձեզ կը ճզմեն ամբարտաւան ճանճի պէս։

ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ

Նոյեմբեր 3, 1964
«Ես և Ուրիշներ»

Իսթանպուլ

Monday, August 31, 2015

Literary Quote for August 2015


…«հոգիս թռչնիկ մըն է,
Օդ ու լոյսի, երգ ու ծիծաղի կարօտ,
Բայց երգը, որ իր ալուցքէն կը թռչի,
Անտես ու ստուերոտ սանդուղներու վրայ
Կ’իյնայ շնչահեղձ:
Շողա՜, շողա՜, բարի՜ արև, հինա՜նդ եմ…»


ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ

Sunday, July 05, 2015

ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ։ Մահազգացում

Այսպէ՜ս, այսպէ՜ս... Անուշ, անուշ սիրական
Մօտեցուր մանըր մատներըդ մանկական
Տաք կոպերո՜ւս, տաք կոպերո՜ւս դժոխքին,
Զգո՜յշ, զգո՜յշ, ա՜խ չըլլայ որ բորբոքին:

Կուրծքի՛ս հակէ փոքրիկ գլուխդ յաղթական,
Լսէ՛, դեռ հոն հռնդիւններ, ողբեր կա՛ն,
Լսէ՛, անուշդ իմ սիրական: Ո՜հ, անգին
Արբանք մ՛է այս, որ կը խնկէ իմ հոգին:

Մեռնի՜լ, մեռնի՜լ... անմահանալ մահուան մէջ.
Մեռնի՜լ, գրկիդ գոգն, ա՜յսպէս մեր սէրն անշէջ՝
Անհունին մէջ ծառացընել տիրական...

Մեռնի՜լ... Կու լա՞ս... Կը խորհէի սիրակա՜ն,
Թեւերուդ մէջ քարանալու հաճոյքին,
Քո՜յր, մահանո՜յշ, քոյր, մահազօր, մահագին...

Լօզան, 14 Դեկտ. 1908









Saturday, July 04, 2015

ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ։ Վրէժին սերմնացանը

Քե՛զ, ցասումի՛ վայրագ հեղեղ գահավէժ,
Արդարութեան փայփայելի մո՜ւթ հըրէշ,
Խաւարներոու ահե՛ղ ծընունդըդ, վըրէ՛ժ,
Ողջո՜յն. տաղե՜րըս քեզի...։

Մոխրին կու տամ սրտիս վէրքերն ախտագին...։
Ամէնո՛ւն վէրքն, անսահմա՜ն վէրքը ազգին,
Արդարութեան ծարա՛ւը, մահն հաւատքին,
Երգեն տաղե՜րս քեզի...։

Սանձերնին լա՜յն երիվարներ ասպազէն,
Ալիք-ալիք թօթուելով սէգ բաշն ուսէն,
Թող հայրենի աշխարհիս կուրծքն ակօսե՜ն,
Սուրան տաղերս քեզի...։

Ու ես գա՜մ,-- մո՜ւթ շանթերու սերմնացան--
Այդ ակօսէն, ուր արիւններ լճացա՜ն,
Գիշերներով, չար հովերով, ցիրուցա՜ն,
Ցանել տաղե՜րս քեզի...։

Բարէ՜, եթէ այս իմ բազուկս կարեվէ՜ր
Չը սորվեցաւ զարնել...: Գոնէ անվեհե՛ր
Ցանքէս, մահու առաքեալնե՜ր, հսկանե՜ր
Կը ծնին տաղե՜րս քեզի...։

«Կիլիկեան Երգեր»,  Լօզան, 6 Յուլիս 1909

Friday, July 03, 2015

ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ։ Հայաստան

Ո՞վ կու լայ այսպէս խշտեակիս շէմքին.
-Քո՛յր, ղարիբն է, բաց:

Կմա՞խք մը կ՛անցնի դուրսէն լալագին.
-Սովն է, դուռըդ բաց:

Տապա՞րն է ջախջախ դրանըս կուրծքին.
-Ջարդն է, դուռըդ բաց:


1909

Thursday, July 02, 2015

Ռուբէն Սեւակ: Չը հասկցուա՜ծ…

Չը հասկցուած երգի կմա՜խք մ´է հոգիս.
Աններդաշնա՜կ, գալարուո՜ղ ճիչ մը վայրի...։
Դո´ւն ապառա՜ժը չես ճանչնար իմ սուգիս,
Ու աչքերուդ երգը կ´երգես ինձ բարի։

Ու երբ զուա՛րթ ամէն բանի կը ժպտիս,
Ես կը փակեմ կոպն աչերուս, որ կ´այրի՝ 
Թափառելո´ւ համար մութին մէջ սրտիս,

Ուր երկիւղած արհաւի՜րքն է քարայրի։

Դա՛ռն յուշքերուս հո՛ն սանդուխներն անկո՛խ, կո՜յս.
Հո՛ն ցաւերուս լիճը որ մու՛թ կը սարսռայ.
Հո՛ն դիտապաստ հէգ հայեացքնե՛րը սիրոյս՝

Կըրանիթի կամարներու ներքեւ ցա՜ծ.
Հո՜ն… Դեռ ինչե՜ր…Զուարթ ա՛ղջիկ, որոնց վրայ
Թէ գիտնայիր՝ պիտի լայի՜ր անկասկած…։

1908

Wednesday, July 01, 2015

Ռուբէն Սեւակ: Գիշերն իջաւ

Գիշերն իջաւ անամպ, անհուն,
Բիւր բիւրեղէ ի՜նչ նուրբ անուն
Տալ անուրջի այս սուրբ պահուն։
– Ա՜խ, ապրելո՜ւ երջանկութիւն…։

Կ՛անէանայ նաւն հեռակայ,
Լիճն երազ մ’է, կայ ու չըկայ.
Ջուրի շշունջն է լոկ վըկայ,
– Շշնջելո՜ւ երջանկութիւն:

Վերն հազար աստղ, վարն հազար լույս,
Կիսասուերին մէջ հոգեյոյզ
Կը խօսակցին քար, վըտակ, բոյս.
– Ա՜խ, իրերո՜ւ երջանկութիւն…։

Ու կը ձայնյէ  մատուռն հստակ.
– Սա ծերունի ծառերուն տակ,
Այս քաղցրութեան մէջ բովանդակ

Քարանալո՜ւ երջանկութիւն…։

1914

Monday, June 29, 2015

Ռուբէն Սեւակ: Կ՛արիւնի

Տժգոյն դողդոջ գիծ արիւնի… 
Մահօրէ՜ն լուռ, նստած կողքիս, 
Կ’իտէանաս, ո՜վ քոյր հոգիս։ 
Իրիկնավերջը կ’արիւնի։ 

Լեռներն հսկայ անրջանքներ 
Կը խնկանան լիճի ափին. 
Հոգիները կը խարշափին. 
Ամպո՜տ, անծա՜լ ջուրն է մեռէր։ 

Ի՜նչ խորն է այս պահն աշունի 
Հորիզոնը կ’այրի անշէջ 
Կու լա՞ս… Այսօր մեր հոգւո՛յն մէջ 
Իրիկնավերջը կ’արիւնի։ 

Ա՜խ, ըլլայիր դուն աշունի 
Լիճն այս գինով սիրոյ մէգով. 
Ա՜խ, ըլլայի ես ափիդ քով՝ 
Լեռնացած սէրն յաւիտենի…


Ռուբէն Սեւակ [1914]

Sunday, May 31, 2015

Quote for the month of May 2015

Գրիգոր Օտեան Եղիազար Մուրատեանին

Ազնիւ ԷՖենտի
Ձեր գրած ճարտասանութեան դասագիրքը կարդացի, ՛
փոքրիկ գրքոյկ  մը որ  մեծ  եւ  հզօր բանի  մը  վրայ   կը
ճառէ։ՄԱՐԴՍ Ի ԲՆՈՒԹԵՆԷ ՈՒՐԻՇ ԶԷՆՔ ՉՈՒՆԻ, ԱՅԼ
ՄԻԱՅՆ ԽՕՍՔԸ, -- ՈՐ ԱՅՍ ԶԷՆՔԸ ԳՈՐԾԱԾԵԼՈՒ ԵՂԱ
ՆԱԿԸ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ՝ ՄԱՐԴՈՑ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆԸ Կ՚ՕԳՆԷ։
Ձեր առ իս ըրած ուղերձը կը պատուէ զիս եւ կը
յուզէ միանգամայն։   Ձեր սրտին նուէրն է այն  զոր շը
նորհակալութեամբ կ՛ընդունիմ առանց  փնտռելու  թէ  ի՛նչ
արժանիք ունիմ այդպիսի պատւոյ  մը,   զի  ինչ  որ  չեմ,
զայն տեսնել   կուտայ  յիս  Ձեր  սէրը։ Երանի՜ ինծի եթէ
այդ Ձեր բոլոր   պատրանքը  իմ  վրաս իսկանա՚յ օր  մը...

Գ. Ս. ՕՏԵԱՆ
25  Մայիս   1869 Կ. Պոլիս



Saturday, May 23, 2015

Հայ­կա­նուշ ­Մառք։ Ինչպէ՞ս

Ինչ­պէ՞ս սի­րեմ զքեզ, սի­րե­լիս
Որ սէրս ըլ­լայ միշտ տե­ւա­կան ու տար­բեր,
Ինչ­պէ՞ս սի­րեմ զքեզ, իմ հո­գիս,
Ոը նմա­նը չը­րած ըլ­լան ու­րիշ­ներ …։
Ինչ­պէ՞ս, ը­սէ՛, ե­րա­զեմ քեզ որ յոգ­նած
Չ­ծան­րա­նան աչ­քերս ար­թուն ու ցած
Ձայ­ներն չվրդո­վեն հան­գիստ – ­քուն՝
Երբ մտնեմ քուն ։
Ինչ­պէ՞ս գգո­ւեմ զքեզ սէ­րովս րո­լոր,
Որ նա­խան­ձին սիւ­քե­րը, ծի­լերն ալ ո­լոր ,
Ինչ­պէ՞ս կազ­մեմ տար­րե­րը սի­րոյս կրա­կին
Որ հոն բո­լոր իղ­ձերս ալ բոբ­բո­քին:
Ինչ­պէ՞ս ը­սեմ թէ չաս­տո­ւած մ­՛ես դուն կամ ան­կէ
Ա­ւե­լի վեր,
Հո­գի մը վառ կրա­կէ,
Անձ­նո­ւէր…
Ինչ­պէ՞ս սա­կայն ինչ­պէ՞ս սի­րեմ քեզ, ա­նոյշ սի­րա­կան
Որ սա խենթ սէրս ըլ­լայ յա­ւէտ տե­ւա­կան։

«­Լոյս», 1904



Հայկանուշ Մառք (1883-1966)




Saturday, May 02, 2015

Դանիէլ Վարուժան։ Մենաւոր

Դեկտեմբերի պայծառափայլ իրիկուն.
Երկընքին տակ, ադամանդի նըման ցուրտ,
Ուղեկորոյս հովը կանցնի մայելով:
Վըճիտ լոյսերն աստղերուն
Արիւն կու լան սառոյցին վրայ լճակին:
Հոգիս կառչած մըտածուﬕ մը յամառ`
Կը սպասէ գոց պատուհանին ետև լուռ
Չեկա՜ւ. – «Եւ ա՛լ պիտի չըգամ», – ըսաւ ան.
Որբ շեﬕս վրայ մըխիթարիչ քայլն անոր
Պիտի բընաւ չըծաղկի.
Եւ դեռ հոգիս կը սպասէ՜:
Ի՜նչ մենաւոր սենեակ, ի՜նչ կեանք մոռցըւած.
Յիշատակի մը մէջ յանկարծ կը փըղձկի
Սիրտըս տըրտում… Կը փըղձկի՜…
Ըզգացուﬓերն այսպէս կու լան մութին մէջ,
Քաղցըր, տըրտում, անյագո՜ւրթ.
Եւ կը խըﬔն շրթունքներս
Արտասուքներս հոսանուտ:
Ո՜հ, ի՛նչ ցուրտ է հոս, Տէ՛ր իմ.
Հանգեր է կայծը վերջին
Կրակարանիս մէջը քաﬕ՜ն կ’ողբերգէ:
Կը զգամ եղեամն այս թողլըքուած խուցին մէջ,
Որ մազերուս վըրայ սեւ
Ձիւնասպիտակ ծաղիկներն իր կը բանայ.
Բոլոր աստղերն, երկինքէն վար սառնաշիթ,
Օրհասական իւղն օծման
Ճակատիս վրայ կը հեղուն:
Կահերուն տակ թաքթաքուր
Ամէն վայրկեան մութն աւելի կը բարդի,
Կը տարածէ անկողինիս վրայ արդէն
Դամբանական ծաղկոյթը իր սեւաշղարշ:
Ո՛հ, չեմ ուզեր, ես չեմ ուզեր այս ժամուն
Լամբարիս լոյսը մատնիչ.
Վարագոյրիս ժանեակներէն կաթկըթող
Լուսընկան բա՛ւ է ինծի:
Մարդիկներուն շըռայլօրէն տալէ վերջ
Աւիւն և սէր, ծաղիկներն իմ էութեան,
Գըտնել զանոնք ﬕշտ ծանծաղ,
Գըտնել Աստուած ﬕշտ ըսփինքս
Ոչնչութիւնը պըճնող,
Եւ հեռացուիլ այն սիրելի էակէն`
Որուն թարթափը կոպերուն կը բաւեր
Արծարծելու համար կրակներն արիւնիս,
Միսիս ճենճերն, սըրտիս բուրվառն հոտեւան,
Հիմա, աւա՜ղ, ի՞նչ կը մընայ ալ ինծի.
Մոխի՜ր, մոխի՜ր, և աւերա՜կ. և նոյն իսկ
Խորունկ սոսկում մ’իմ իսկ անձիս նայելու:
Ո՜հ, չեմ ուզեր, ես չեմ ուզեր այս ժամուն
Լամբարիս լոյսը մատնիչ:
Երբ ա՛լ դատարկ է հոգին
Ահաւոր է տեսնել յատակը անոր:
Փլատակներուս կանգուն մնացած կատարին
Լուսնին ոսկի ծեփող մէկ շողը բա՛ւ է:
Ես չե՜մ ուզեր լամբարիս լոյսը մատնիչ.
բայց լուսինն ալ, աւա՜ղ, լուսինն ալ ահա
Հո՛ն, դըրացի երդին ետև ծածկուեցաւ:
Հովը կու լայ, կը կաղկանձէ, կը թըռչի:
Կրակարանիս մէջ պաղեր է մոխիրն իսկ:
Հովը կ’ոռնայ… հովը բացաւ ﬔղմօրէն
Պատուհանիս փեղկը հին:
Օ՜հ, ո՜վ Տէր իմ, ո՜վ Տէր իմ,
Չայցելուած այս սենեակը ո՜րքան ցուրտ է.
Արցունք մ’ահա մարգարտի պէս սառեցաւ
Ծայրին վըրայ թարթիչիս,
Եւ սիրտըս դեռ տըրտո՜ւմ տրտո՜ւմ կը փըղձկի:


Հեթանոս Երգեր

Thursday, April 23, 2015

Դանիէլ Վարուժան։ Հերկեր


Հօ՛, հռօ´ հռօ´ հռօ՛.- հողին տակ հըռընդիւնն է արօրին`
Լուրթ մշուշին մեջ առտուան, կողին վրայ բըլուրին
Կ՛երթան եզները հուժկու` զանգակներով դաշնաւոր,
Ու մսուրին վերջին յարդը կ՛որոճան գլխիկոր:

Սարին ուսէն ծըլացող արևն ահա կը ծագի
Ու մշակին ճակտին վրայ կը դնէ համբոյրը ոսկի:
Մարդը կ՛երթայ երգելով` մաճն ափին մեջ պընդաջիղ,
Ու իր ճամբան կը գըծէ իր հոգիին պէս ուղիղ:

Հօ՛, հռօ´ հռօ´ հռօ.- Ակօսները կը բացուին մըխալով,
Եւ կը դիզուին արգաւանդ հողակոշտերն իրար քով:
Մէկ ծագէն միւսն յուլորէն կը սողայ խոփը պողպատ,
Կը հեղեղէ հերկերուն մէջ իր լոյսերը արծաթ:

Իր տակ ճըմլըւած, կարեվէր, կը գալարուի յոյր ճըճին,
Կ՛ահաբեկին խըլուրդներ իրենց խուղին մէջ մթին:
Բունծերն ահա կ՛ոռոգուին մերթ օձերու արիւնով,
Զոր ըսպաննած է արօրն անոնց գլուխէն անցնելով:

Արևն արդէն կը հոսէ իր երակներն հրածորան
Ակօսներուն նորաբաց արգանդի մեջ հոտևան:
Հօ՛, հռօ´ հռօ´ հռօ.- Անդաստանն է կորդացած այս տարի,
Բայց հերկերուն շարքն արդէն անհունօրէն կ՛երկարի:

Եզները յաղթ թափ կուտան, դողացնելով մերթ ընդ մերթ`
Սուր խըթանէն` ըստևներն իրենց փորին լուսաշերտ:
Ի´նչ փույթ թէ ճղուղն արօրին խութին դէմ յա´նկարծ կուլայ,
Եւ կը ծորի մըշակին քիրտը ամէն գուղձի վրայ:

Դեռ սուրբ կոչնակը գիւղին՝ սարին ետև չըհընչած`
Բըլուրին կողը ամբողջ պիտի ըլլայ թխացած,
Եւ պիտի լայն ակօսները շար ի շար աւարտին`
Օծուած շաղովն իրիկուան, շողիքներովն հարկիքին…

Այն ատեն, երբ արտին ծայրն հասած, ճիգով մը դողդոջ,
Տղմուտ արօրն հողին մէջ յանկարծ կասի, - Մշակը խոնջ
Պիտի խորհի անկասկած – յանու՛ն վաղուան հունձքերուն,
Թէ կարասի´ մ’ոսկելից կառչեր է խոփը իսկոյն:

«Հացին երգը»

Friday, April 10, 2015

Դանիէլ Վարուժան։ ԳԱՐՆԱՆ ԱՆՁՐԵՒ

Դաշտերուն վրայ իր տրտմութեամբ յամառող
Անձրեւը չէ՛ ասիկայ։
Գարնան ջաղբն է ՝ որ ցանքերուն վրայ անհուն
Լուսացընցուղ կը տեղայ։

Աստղերն անյայտ, կարծես հալած արեւէն,
Տեղատարափ կը թափին,
Եւ կը լըւան իրենց լոյսին մէջ փաղփուն
Անդաստաններն ու այգին ։

Կապոյտն յանկարծ կու լայ բուռըն ծիծաղէն ,
Եւ կը տեղայ ադամանդ.
Կը լուսնան կոյր աղբերակներն ու կ'երգեն
Իրենց ծընունդն արգաւանդ։

Անհունն ի վար կը հեղեղուին շառաչուկ
Մեծ կաթիլներ շափիւղայ,
Լի արեւով, ցընծութիւնով, կապոյտով,
Ծիծաղներով սատափեայ։

Մարգերը թաց կ'արտաշընչեն զովութիւն…
Կը լըւացուին գառնուկներ…
Բո՜յրը հողին, հողին բո՜յրը , ծաւալուն ,
Կը լեցնէ գիւղն ու եթեր։

Ու արտերո՜ւս , արտերո՜ւս մէջ քրտնաշատ
Իմ ցորեաններս յամեցող
Նոր ուժերով յորդահոսա՜ն կ'ընձիւղին
Կայլակներու մէջ ի լող։

Եւ մաքրըւած անտառին մէջ, այս պահուս,
- Ըստ իմ գիւղիս հէքեաթին -
Կը ծնի եղնիկը, գօտիին տակ ծիրանի,
Եղնորթ մը ՝ նման լուսինին։

Sunday, April 05, 2015

ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ: ԿԱՐՄԻՐ ԿԱՐՕՏ


Ճամբո՜րդ, անցա՞ր դուն այն գիւղէն հեռաւոր,
Որ ժայռերուն սերտիւ կառչած վէս կուրծքին՝
Իր քարուքանդ պարիսպներուն դարաւոր
Կը դիտէ շու՛քը ծովուն մէջ տրտմագին.
Ճամբո՜րդ, անցա՞ր դուն այն գիւղէն հեռաւոր։

Տեսա՞ր սուգի տնակները հին ու ցած,
Որոնց սեմին առջև ծերեր կ՚երևին.
Արիւնաներկ մամռոտ պատերն ալ հինցած՝
Ուր մողէզները կը տաքնան արևին.
Տեսա՞ր սուգի տնակները հին ու ցած։

Անցա՜ր վտիտ արահետէն, բարեկամ,
Որ մարգերուն մէջ կը խաղայ գետին հետ,
Կամուրջներով կ՚ընդհատէ զայն շատ անգամ
Յետոյ հեռու՜ն կ՚ըլլայ դաշտին մէջ անհետ.
Անցա՞ր վտիտ արահետէն, բարեկամ։

Ա՛խ, հո՞ն են դեռ այգեստաննե՛րը գիւղին
Ողկոյզներու տակ բեռցուած քաղցրաւէ՜տ
Ու ցորենի անծայր դաշտերը դեղին
Որ ոսկեցո՜լ կը ծփային ալևէտ.
Ճամբո՜րդ, տեսա՞ր այգեստանները գիւղին։

Ու նայեցա՞ր ապառաժին բարձունքէն,
Գիշեր ատեն երբ սիւքը մեղմ կը փչէ
Ու ծովափին վրայ ալեակները կ՚երգեն,
Երբ աւերակ գիւղն իր մա՛հը կը ննջէ… 
Նայեցա՞ր դուն ապառաժին բարձունքէն։

Լուսնակ լոյսով գերեզմաննոցն ալ տեսա՞ր,
Որ ժայռերուն հանդարտ կողքին կը փարի.
Բլրակներու ներքև գետնին հաւասար՝
Կը ննջեն մեր նահատակնե՛րը բարի…
Լուսնակ լոյսով գերեզմաննոցն ալ տեսա՞ր…։

Տարիներո՜վ կարօտն ունիմ սիրագին
Այդ հողերուն, աղբիւրներուն մեղմ հոսան
Այգիներուն, գերեզմանին, լուսնակին
Ու ժայռերուն որ իմ ծընի՛լս տեսան…
Անոնց կարմիր կարօտն ունիմ ախտագին։
Ճամբո՜րդ, անցա՞ր դուն այն գիւղէն հեռաւոր…։


«Կարմիր Գիրքը», Կ.Պոլիս, 1910

Friday, March 13, 2015

Ռուբէն Սևակ։ Էտըլվեյս

Պատիս վրա անխոսուկ, մունջ,
Գամ մը մեջքիդ՝ կմտածես,
Կտժգունիս, կուլաս կարծես,
Էտըլվեյսի ո՜վ վտիտ փունջ:

Թառամե՜ր են թերթերդ բոլոր,
Հյուծեր է ցո՛ղդ տրտմորեն.
Ո՞ր դժբախտ հո՜վը սարերեն
Քեզ հոս նետեց քայլամոլոր:

Ծաղիկներուդ գոգը վայրի
Ու թերթերուդ մեջ գալարուն,
Անհա՜ս, հպա՜րտ բարձունքներուն
Հիվանդ կարո՜տն է, որ կայրի:

Ու կերազե՜ս դուն անշշունջ,
Գամ մը մեջքիդ. ու կ՚՚՚՚ոլորի
Գունատ թավի՛շդ մոխիրի,
Էտըլվեյսի ո՜վ նիհար փունջ:



Edelweiss

On my wall, wordless, pale, 
covering an unseen nail 
its freshness evaporates 
as it wilts and browns,

its petals gradually fade 
losing its delicate 
bouquet. What ill wind 
brought it down

from the mountains 
to this fate of 
crumbling pistils 
drooping crowns

as the coiled petals dry, 
unclasping to velvet ash?

But still it keeps 
the unreached heights 
of my dreams in its white 
heart of edelweiss.

ROUBEN SEVAK


*A small white herb growing high in the Alps whose name in Armenian is Lion's Paw. It is the symbol for freedom in Austrian and Armenian poetry. Roupen Sevag recovered in the Alps from tuberculosis contracted as a medical student.


From Poetry of  our Time

Thursday, March 12, 2015

Ռուբէն Սեւակ։ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐՕՐ


Օրօ՜ր, օրօ՜ր… օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս,
Վիրաւոր հօրըդ ճիչերն ա՜լ չիմանաս,
Ծիծէս ծըծածըդ թոյն է… կաթ չէ՛, գիտնաս…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։

Արիւն հեղեղ յորդեց այս սուրբ ձորերէ,
Բայց չի փախի՛ս, փարէ՛ երկրիդ, զայն սիրէ՛,
Հողիդ վրայ գերի մ’ըլլար, այլ տիրէ՛…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։

Հօրըդ վըրայ եթէ անշո՜ւնչ չինկայ ես,
Զի ուխտեցի՛ Հռոմի էգ գայլին պէս
Նոր Ռոմուլոս մը դիեցնել ստինքէս…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։

Բազուկներուս պարա՜ն, ոտքիս ալ կացի՜ն,
Ստինքիս զո՜յգ պտուկներն ալ կտրեցին։
Վերքէս արիւնս ծծէ, որդեակ միածին…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։

Ահա կ’իյնամ… Հայաստանը մա՜յր քեզի,
Կտակ կուտամ այս կոտրած սուրն երկսայրի՝
Ուր հայրիկիդ դեռ տաք արիւնը կ’այրի…

Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։