Սագօ Արեան: ԱՆԻԾԵՄ ՎԱՐԺԱՊԵՏ ԴԱՌՆԱՍ
Բարեկամիս նամակը կը կարդամ.
Չինական կերակուրներ կը պատրաստեն իր մօտ։
Հեռու Փէքինի մէջ
Իմ կամ Մհեր Արշակեանի երգերը չկան.
Հոն մարդիկ բանաստեղծութիւն չեն կարդար — կը թուի ինծի։
Կը թուի նաեւ որ մարդիկ կ՚ապրին մեծ քաղաքին մէջ
Առանց մշակոյթի։
Կը թուի նաեւ որ օգոստոսեան տապին,
Պատշգամբէն սպիտակ պրոթէլով, երկնքի աստղերը հաշուելու ելած՝
Այդ անտուն Չեխովը
Որ Պէպօ Սիմոնեանի տան դրացին է,
Եւ որ բանաստեղծութիւն չի կարդար ընդհանրապէս,
Աւելի հանգիստ կը մտնէ քուն։
Քան ես կամ ուրիշ մը,
Որ համահայկական երազներ կը սղագրէ օրագրին մէջ,
Եւ կ՚աղօթէ աստուած պապային,
—Հաճիս աստուած պապա,
Թիւ 106 յօդուածը ընդունի սա Ամերիկան
Եւ հայերը սաղին...։
Բարեկամիս նամակը կը կարդամ
Ու յաջորդ օր,
Ձեռքս կ՚երկարեմ պատուհանէն, օրուան թերթը գնելու
Պիտի կարդամ բանաստեղծութեան մահուան լուրը,
Եւ վերաքաղ ընեմ...
Կային բարեկամներ հիմա չկան,
Կային ընկերներ հիմա չկան։
Կը բողոքէ Մհեր Արշակեան,
Որ գրելու անկարողութեան առջեւ է նորէն,
Ուրեմն պիտի կարդայ շատ,
Ուրեմն պիտի չստէ,
Ուրեմն պիտի չխափէ որ,
Բանաստեղծութեան աղաւնին
Ողնածուծին մէջ մտնելով
Արիւն դառնայ...
Արիւն դառնայ ու գրէ
Գրէ երազներուն մասին...։
Հոկտեմբեր է գիտես,
Հոկտեմբերը չեմ սիրեր,
Անընդհատ Վազգէնի ժպիտի կը հալածէ զիս...
Բանաստեղծութիւն չի կարդար
Չեխովեան անտունը
Եւ գիշերը բիժամայով,
Անկիւնի Ճիրոյէն,
Երկու տուփ Մարլպորո լայթ առնելու ի խնդիր
—որ 106 յօդուածին համազօր որոշում է—
Սանկ յեղափոխական հին երգ մը կը սուլէ ...
Զահրատ— մահրատ չեմ գիտեր կ՚ըսէ
Զահրատի գիրքը բաղնիքը ձգեր եմ,
Երբ փորս ցաւի կը բանամ անոր էջերը
Մեռեալ բանաստեղծութիւնն ինչ ընեմ
Ես մեռելներուն հետ գործ չունիմ կ՚ըսէ...
..............................
Ուրիշ ընկեր մը Փարիզէն կը խնդրէ.
—Բարեկամս դուն հեռուն մի նայիր,
Քու մէջ նայիր կը խրատէ...
Գրպանումս փող շատ է այսօր,
Երթամ համրա
Ծօ սանկ հին ընկերներուս հետքով ապրիմ քիչ մը,
Սարքուն Պուլոսը մեռեր է արդէն,
Մօտքան փակեր են արդէն
Ամէն մարդ, դդում կտրած,
Առաւօտեան ժամը եօթին,
Առանց աղօթքի ինչպէս եւ միշտ,
Յօրանջելով երկաաաաաա՜՜՜՜՜՜՜՜ր ուղիներուն վրայ,
Կ՚որոնէ իր ճակատագիրը։
Ես դժգոհ չեմ,
փողկապ կապողներուն հետ գործ չունիմ այլեւս...
Եարի փոխան զէնք ալ գրկողներէն չեմ ...
Ըսեմ, թիւ 106- ն ալ կը սպառի անպայման...
Ինչ էր անունը, Հիլտա Չոպոեան էր ինչ էր,
Ամէն օր կը զանգէ ինծի,
Ըսելու համար որ նայիր քու պապերդ ....
Լաւ Յետոյ ի՞նչ...
Հիլտա Չոպոեաններու քլոնները
Պաշարած են զիս ..
Ամէն օր, ամէն ժամ դաս կուտան
Հայերէն ապրելու ...
Թուրքը նոյն թուրքն է— ճանըմ— պիտ յառաջէր Պարոն Միքայէլեանը,
Սանկ աղուոր ապտակ մը նետէր երեսիս։
Սիրելի Պարոն Միքայէլեան,
Եթէ թուրքը նոյն թուրքն է
Հայն ալ նոյն Հայն է։
Գիշերով իր փորին ետեւէն վազող
Կնիկ—մնիկ ճամբան նետող,
Զաւակներէն հաշիշի վաճառական սարքող...
Քիչ մը փորիկով
Սանկ տաբատը մինչեւ կուրծքը քաշած,
Սրիկայ հայն է
Աչքը դրացիին նոր օդոյին
Մէկ ձեռքով քիթը կը խառնէ
Միւսով ուրիշին կեանքը....
....
.....
......
Մերձաւորս յիշեր է զիս,
Նամակը Փէքինէն նոր ստացայ,
Արեւի կաթիլներ ինկան
Հեռու անցեալին վրայ,
Ու լաւ յիշեցի որ տղան
Ջուր չի նախընտրեր
Ու միակ կերածը ան ալ,
Գիշերուան 11—էն յետոյ լաւ եփուած ձուազեղն էր.
Մհերը սեւ հացը իւղոտ միւղոտ —ուտելէ ետք.
Ձեռքերը առանց լուալու,
Կ՚ելլէ ֆորմիլա —ուան կը խաղայ
Մասի՜վ ինչ երջանիկ լռութիւն
Դուրսը անձրեւ է,
Բայց շուտով Պէյրութ պիտ հասնիմ
Բոլոր դժգոհութիւններս պիտ մարին։
Այսօր սփիւռքի պորտին նստած,
Ամէն օր կ՚ապրիմ անոր թոյնով,
Հոս ոչ իսկ ընկեր մը մնաց...
Դարձեալ ճիշդ է,
Պռաւ՛օ սագօ արեան
Գիտցար պատասխանը...
Երկուութեան մէջ ապրող մարմինս ասդիէն,անդիէն
Ցաւ ու մաշում կը հաւաքէ ...
Ըսէք անոր անոր որ Արամ Արման կը գովերգէ,
Ըսէք որ Հայաստանի երազը,
Լոս Անճելըսի սրճարաններէն չ՚անցնիր...
Ես Փեքին պիտ երթամ երեւի,
Հոն հայերէն կարդացողները աւելի են,
Հոն ոգի պիտի տան ինծի ...
Իսկ այս քաղաքը,
Արիւնս ջուր կը դարձնէ...
Սիրտս կը գողնայ...
Թեւերս ատախաղձագործին կը տանի...
Որ սղոցեն։
Ինչ պատմութիւն է ասիկա,
Ես յոգնած եմ այսօր,
Մէկը չկայ որ գաւաթ մը զառնեմ,
Սանկ ուժեղ ....
Օդին մէջ ապակիի փշուրները իյնան...
Ու սիրտս պարպեմ ...
Եա՜՜՜՜՜խկկկկկկկկկ
Եա՜՜՜՜խխխխխխխխխխխխ
Ս’իւռք անիծեմ...
....
Անիծեմ վարժապետ դառնաս
Սագօ Արեան
Copyright Sako Aryan. Used here by kind permission of the author.